image

Զուրապիշվիլի չընդունիր ընտրութեանց արդիւնքները

Զուրապիշվիլի չընդունիր ընտրութեանց արդիւնքները

Հոկտեմբեր 26-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններն ամբողջութեամբ կեղծուած են՝ օգտագործելով բոլոր հնարաւոր միջոցները, յայտարարած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին։

«Մենք ականատես եղանք արտասովոր երեւոյթի մը, այդ ամբողջական կեղծիք էր, ձեր ձայներու ամբողջական յափշտակում»,- նշած է ան։

Զուրապիշվիլին կոչ ըրած է բնակչութեան երկուշաբթի երեկոյեան բողոքի ցոյց կայացնելու Թիֆլիսի մէջ՝ խորհրդարանի շէնքի մօտ։