Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեան ժամանած է Երեւան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի «Ազդակ»էն։
Պէյրութահայ օրաթերթը մասնաւորապէս կը գրէ, թէ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, երէկ կէսօրէ առաջ հասաւ Երեւան:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի հետ:
Բարի գալուստի հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան եւ Կ. Գիլոյեան քննարկեցին երկու երկիրներուն մարմնակրթութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
Ընդգծուեցաւ մարմնակրթութեան մարզի անհրաժեշտութիւնը երիտասարդներուն կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ երկու երկիրներուն մէջ ճատրակի մարզատեսակին կարեւորութիւնը:
Յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական անձնաւորութիւններու, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունը պիտի ներկայացնէ Ապրիլ 24-ին տեղի ունենալիք 106-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն: