image

Մեծ Բրիտանիան պիտի չմասնակցի ԱՄՆ-ի կողմէ Հորմուզի նեղուցի շրջափակման

Մեծ Բրիտանիան պիտի չմասնակցի ԱՄՆ-ի կողմէ Հորմուզի նեղուցի շրջափակման

Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարած է, որ Լոնտոնը չի սատարեր Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակման։ BBC-ի հաղորդմամբ՝ ան ըսած է, որ Մեծ Բրիտանիոյ արձագանգը կեդրոնացած է Հորմուզի նեղուցի բացման վրայ, որովհետեւ «այդպէս կրնանք որքան կարելի է շուտ նուազեցնել ուժանիւթակիրներու գիները»։

Հարցին՝ թէ արդեօք ան անձամբ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը պատասխանատու կը համարէ Մեծ Բրիտանիոյ ուժանիւթի վճարներուն վրայ ազդեցութեան համար, Սթարմըր ուղղակի պատասխան չէ տուած։ Ան նշած է, որ «ամենակարեւոր բանը», որ կրնայ ընել, երկիրները միաւորելն է՝ լարուածութեան մեղմացման եւ նեղուցի բացման կոչ ուղղելու համար։

«Իմ կարծիքով կենսականօրէն կարեւոր է, որ մենք բանանք նեղուցը եւ զայն ամբողջութեամբ բաց պահենք, եւ հոն է, որ կեդրոնացուցած ենք մեր բոլոր ջանքերը եւ պիտի շարունակենք այդպէս ընել»,– ըսած է Սթարմըր։

Ան նշած է, որ Մեծ Բրիտանիան շրջանին մէջ ունի ականազերծման նաւեր, սակայն աւելցուցած է, որ անոնց տեղակայումը «կեդրոնացած է նեղուցը ամբողջութեամբ բաց պահելու վրայ»։