ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը Իսլամապատի մէջ չստորագրուեցաւ ամերիկեան կողմի պատճառով, Իրանը բարեխղճօրէն կը մասնակցէր բանակցութիւններուն։ Այս մասին X-ի էջին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Վերջին 47 տարիներու ընթացքին ԱՄՆ-ի հետ ամենաբարձր մակարդակի յագեցած բանակցութիւններուն Իրան մասնակցած է բարեխղճօրէն՝ պատերազմին վերջ դնելու նպատակով, սակայն երբ շատ քիչ մնացած էր «Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիր»-ի ստորագրման, մենք բախեցանք (ամերիկեան կողմի) առաւելապաշտութեան, պայմաններու շարունակական փոփոխութեան եւ արգելափակման»,– գրած է Արաքչին։
Ան աւելցուցած է, որ բարի կամքը բարի կամք կը ծնի, իսկ թշնամութիւնը՝ թշնամանք։
Իրանն ու ԱՄՆ-ը Ապրիլ 8-ի գիշերը յայտարարած են երկշաբաթեայ հրադադար, սակայն Իսլամապատի մէջ 21 ժամ տեւած բանակցութիւնները Ապրիլ 12-ին աւարտած են առանց որեւէ համաձայնութեան։