«Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումը նպատակ ունէր յարձակում գործել եւ գրաւել լիբանանեան քրիստոնէաբնակ կարգ մը գիւղեր: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Lebnon 24 կայքը, որ նաեւ կը նշէ, որ «Տահէշ»ի ահաբեկաչական ծրագիրներէն մէկը բացայայտուած է «Հըզպալլա»ի կողմէ, երբ վերջինիս զինեալները գրաւած են Սուրիոյ «Ալ Քալամուն» շրջանի «Տահէշ»ի կարեւոր դիրքերը:
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ յատկապէս «Ալ սուս» անունով յայտնի դիրքին մէջ «Հըզպալլա»ի զինեալներուն ձեռքը անցած է վիտէօ երիզներու հաւաքածոյ մը, ուր «Տահէշ»ի զինեալներ բացայայտօրէն կը պատմեն «Ալ Քահ» քրիստոնէաբնակ շրջանները իրենց տիրապետութեան տակ առնելու «պատրաստի» մէկ ծրագրին մասին:
Յիշեցնենք, որ տարի մը առաջ (Յունիս 2016) այս օրերուն «Տահէշ»ի վեց անձնասպաններ մտած էին «Ալ Քահ» եւ պայթումներ կատարած էին մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ գաւառակին մէջ:
Ներկայ պահու դրութեամբ «Տահէշ» ամբողջութեամբ հեռացած է Լիբանանէն ու նաեւ Սուրիա- Լիբանան սահմանային շրջաններէն: