ՆԱԹՕ-ն չի քննարկեր Ուկքրանիոյ դաշինք հրաւիրելու հարցը, այլ միայն Քիեւին զէնք մատակարարելը։ Այս մասին, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, Պրիւքսելի դաշինքի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման նախօրէին կայացած մամուլի ասուլիսին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ։
«Մենք պէտք է կեդրոնանանք, ներառեալ այս երկու օրերը, այն բանի վրայ, ինչ հիմա անհրաժեշտ է՝ Ուքրանիոյ ռազմական օգնութեան մատակարարումը անոնց համար չափազանց կարեւոր է», - ըսած է ընդհանուր քարտուղարը՝ պատասխանելով լրագրողներու այն հարցին, թէ արդեօք դաշինքի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մտադիր են Քիեւը անդամակցութեան հրաւիրել, ինչպէս կը ցանկան Ուքրանիոյ իշխանութիւնները։