Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Զալքա շրջանի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, Ուրբաթ, 4 Յուլիսին, Զալքայի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիին բացումը:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան, որ նշեց, թէ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը ոչ միայն կը միտի փառաբանել պանծալի հայորդի եւ մեծ ֆետայի Գարեգին Նժդեհը, այլ նաեւ առիթ է նոր սերունդներուն մէջ վառ պահելու անոր ազգասիրութեան եւ հայրենիքի համար զոհողութեան ոգին: Ներկայացնելով Նժդեհի կենսագրական հիմնական գիծերը` ան յայտնեց, որ յեղափոխական, մարտիկ, պետական գործիչ, գրող եւ փիլիսոփայ Նժդեհի հիմնադրած «Ցեղակրօնութիւն» գաղափարախօսութիւնը դարձաւ հոգեւոր զօրացման աղբիւր, իսկ իր պայքարը` հայրենասիրութեան ճշմարիտ օրինակ: Վերյիշեցնելով, որ Գարեգին Նժդեհ ըսած է` «Մեր գործին հսկայութիւնը եւ վեհութիւնը կը պահանջեն հերոսներու տրամաբանութիւն», Ադամեան հաստատեց, որ այսօր, առաւել քան երբեք, կարիքը ունինք այդ տրամաբանութեան եւ ոգիին: Ան մաղթեց, որ Նժդեհի կիսանդրին ըլլայ լուռ վկան իր աղմկալի հոգիին եւ շարունակէ մեզ առաջնորդել դէպի միութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն` հրամայական նկատելով Նժդեհի լուռ ներկայութիւնը պահպանել եւ շարունակել անոր ուղիով ընթանալ:
Ապա ան հրաւիրեց բարերար Յակոբ Լօշխաճեանը եւ շրջանի կոմիտէութեան կրտսերագոյն ընկերը` Նժդեհ Մենկիշեանը, որպէսզի կիսանդրին ծածկող քողը հանեն։
Գեղարուեստական բաժինով Նայիրի Ղազարեան եւ Արմէն Մխճեան թաւջութակի վրայ ներկայացուցին «Հապրպան» եւ «German minutes» կտորները:
Անկէ ետք խօսք առաւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գրիգոր Հաշէօլեան, որ ընդգծեց Նժդեհի բացառիկ տեղը մեր պատմութեան մէջ` իբրեւ անմար հոգիի, անվախ պայքարի եւ նուիրումի խորհրդանիշի:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Հայկ Քէշիշեան (շուի) եւ Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ) մեկնաբանեցին «Արազի Ափին» եւ «Գիշեր Ու Ցերեկ Դու Էլ Քուն Չունես» մեղեդիները:
Օրուան պատգամը յղեց «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ կարեւոր նկատեց ներկայ պայմաններուն մէջ Գարեգին Նժդեհի կենսագործունէութեան առանցքային բաժիններու արժեւորումը եւ խորքային մեկնաբանութիւնը` իբրեւ մեր ազգային-պետական ուղեգիծի վերաիմաստաւորման հիմնական ազդակ:
Ան շեշտեց, որ Նժդեհի ապրած եւ գործած օրերուն դրութիւնները շատ նման են այսօրուան իրավիճակին: Թէ՛ արտաքին սպառնալիքներու բազմապատկումը, թէ՛ ներքին կառավարման թուլացումը եւ մանաւանդ ազգային արժեհամակարգի նահանջը Նժդեհի պատգամները կը դարձնեն ոչ միայն այժմէական, այլ` անհերքելի ուղեցոյց:
Գանտահարեան ընդգծեց, որ Լեռնահայաստանի գոյամարտով Նժդեհ ոչ միայն փրկեց Սիւնիքի հայկականութիւնը, այլ արգելակեց նաեւ «Մեծն Թուրանի» ձեւաւորման ճամբան, դիտել տալով, որ Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան նկատմամբ այսօր նոյնպէս ցուցաբերուող յայտնի դիւանագիտական աշխուժութիւնը, հիւպատոսութիւններու բացումը, միջանցքի ծրագիրի իրականացումը վկայ են, որ այդ ճակատը տակաւին չէ փակուած:
Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ կայ փորձը Նժդեհի կերպարը Դաշնակցութեան հակադրելու, սակայն, պատմութիւնը բազմաթիւ փաստերով կը հաստատէ, որ Նժդեհը գործուղողը եւ անոր հետ մնայուն կապի մէջ եղողը Դաշնակցութիւնն էր: Այս մէկը հաստատելու համար, Գանտահարեան յիշեց Նժդեհի հետեւեալ միտքը. «Դաշնակցութիւնը մեր կեանքին մէջ ոչ թէ հասարակագիտական սոսկ երեւոյթ է, այլ ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի` բարոյական յեղափոխութիւն: Դաշնակցական եմ, այդ ըսել է այլեւս եսաթափ եղած` կ՛առաջնորդուիմ ներցեղային բարոյականով. իմ կեանքս պիտի ըլլայ` ազգախոհ նուիրում եւ անձանձիր ծառայութիւն իմ ցեղիս, կուսակցութեանս միջոցով»:
Գանտահարեան վերյիշեցուց Նժդեհի այն հաստատումը, որ` «Առանց Սիւնիքի ու Արցախի, առանց Հայաստանի աշխարհագրական ուժեղ ողնաշարի, հայրենիք գոյութիւն ունենալ չի կարող. չպահեցինք դրանք, մահն էլ մեզ չի փրկի», եւ ըսաւ. «Հիմա չկայ Արցախը: Մնացած է Սիւնիքը, Նժդեհի փրկած Սիւնիքը, որուն պահպանումէն կախեալ է Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ գերիշխան պետութեան գոյութիւնը: Սիւնիքի կռիւը յատկանշուած էր նաեւ հոգեւորական դասի մասնակցութեամբ: Նժդեհ գիտակցած էր, որ հոգեւոր ղեկավարութեան հետ համատեղումը եւ համագործակցութիւնը մեր լինելութեան պայքարի կարեւորագոյն պայմաններէն էին:
«Նժդեհէն ժառանգ մնացած այս կարեւորագոյն տարածքը հայաստանեան պահելը Նժդեհի համար կեանքի նպատակ էր, որուն կենսագործման համար ան իր բոլոր ուժերու լարումով յաջողեցաւ համախմբել Լեռնահայաստանի ժողովուրդը, կռիւներ մղել թէ՛ թուրքերուն եւ թէ պոլշեւիկներուն դէմ: Յաջողեցաւ յաղթել, նոյնիսկ խորհրդայնացումէն ետք, որոշ ժամանակի համար ազատ Սիւնիք հռչակել, կառավարել շրջանը եւ ժողովուրդը ու Հայաստանին կցուած պահել աշխարհագրական ողնաշարը մեր հայրենիքին: Ողնաշարին ձիգ եւ յաղթական մնալուն համար, սակայն, հայութիւնը ամբողջ պէտք ունի Նժդեհի ոգիով համախմբուող ժողովուրդի: Նժդեհի գաղափարները իրականութիւն դարձնող կառավարութեան եւ պետական համակարգի մը»:
Գանտահարեան հաստատեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ այլ երեւոյթներ եւ գործընթացներ կը տեսնենք: Կը հրաժարին Արցախէն, տեղի կու տան թշնամիի պահանջներուն, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն սահմանադրութիւն փոխելու եւ Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթներէն հրաժարելու: Օրինակ չեն առներ միաժամանակ թէ՛ թրքական եւ թէ՛ պոլշեւիկեան բանակներուն դէմ դրած եւ Սիւնիքը ազատ ու անկախ պահած Նժդեհէն: Անոնք անհաղորդ են Նժդեհի ոգիին», ըսաւ ան:
Գանտահարեան հաստատեց, որ Նժդեհ հայու ցեղի ազնուագոյն յատկանիշները նկատած էր Մամիկոնեան տոհմին մէջ, որ ինքնութեան եւ անկախութեան պատերազմները մղած էր համատեղելով ռազմական, քաղաքական եւ հոգեւորական ուժերը:
Գանտահարեան յատուկ կերպով արժեւորեց հոգեւորականութեան մասնակցութիւնը Սիւնիքի կռիւներուն եւ Տաթեւի պաշտպանութեան: Նժդեհ յստակօրէն գիտակցած էր, որ եկեղեցական-զինուորական միասնութիւնն էր, որ փրկեց հայրենիքը` Արտաշատի ժողովը, որմէ մենք այսօր շեղած ենք:
Գանտահարեան կոչ ուղղեց, որ Նժդեհի գաղափարներուն հիման վրայ ձեւաւորուի նոր նժդեհականութիւն մը` ազգային վերականգնումի ծրագիրով, քաղաքական-եկեղեցական համերաշխութեամբ եւ Սիւնիքին տէր կանգնելու վճռակամութեամբ, որովհետեւ հայրենիքը այսօր դարձեալ պաշտպանութեան կարիքը ունի:
Խօսքը եզրափակելով` Գանտահարեան ընդգծեց, որ Նժդեհի արժէքներու խորութեան թափանցած ոեւէ անհատ կամ որեւէ իշխանութիւն չի կրնար Արաքսի միւս ափը հայրենիք չհամարել, յաղթանակած ըլլալու գաղափարը չի կրնար իր կեանքի ուղեգիրին չվերածել եւ Սիւնիքի յաղթական դրօշակին յաւերժական ծածանումին իր հայեացքը սեւեռած չպահել, չի կրնար հրաժարիլ հայ լեզուն իր ցեղին ու ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչը ըլլալու սկզբունքէն:
«Իր անունը կրող ժողովրդային այս տան ամէն մէկ բնակիչ եւ ամէն մէկ այցելու պարտի ուղիղ նայիլ անոր կիսանդրիին, փորձէ թափանցել անոր դարերու վրայ երկարող ժամանակները եւ կարդալ անոր խրոխտ ու անպարտելի հոգիին մէջ ամրագրուած, հայերէնով քանդակուած իւրաքանչիւր բառը եւ տառը: Նժդեհ մեր ազգի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ փրկեց Սիւնիքը եւ այդ ճամբով` հայրենիքը: Հիմա իր գաղափարներն են, որոնք կրնան մեզ ազգովին դուրս բերել այսօրուան ճահիճէն` դարձեալ հաւատալու համար յաղթանակին», շեշտեց Գանտահարեան, եզրափակելով, որ մեր աշխատանքէն կախեալ է Նժդեհի նայուածքին յանդիմանակա՞ն, թէ գոհունակ ըլլալը:
Լօշխաճեան ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ Շանթ Լօշխաճեան, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ մըն է իր ընտանիքին համար ներկայ գտնուիլ այսքան խորհրդանշական քանդակի մը բացման արարողութեան: Ան նշեց, որ իր դպրոցին եւ միութեան մէջ մեծցած է Գարեգին Նժդեհի նմաններուն ոգիով եւ անոնց մասին ստեղծուած երգերով` շեշտելով, որ արձանը ոչ միայն պատմական յարգանքի արտայայտութիւն մըն է, այլ նաեւ յանձնառութեան եւ հաւատարմութեան նշան` ուղղուած սերունդներուն:
Ան նաեւ յիշատակեց իրենց մեծ հայրը` հանգուցեալ Յովհաննէս Տօնիկեանը, որ երկար տարիներ նուիրուած էր նոյն այս կոմիտէի աշխատանքներուն:
«Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին կողմէն, առ ի գնահատանք բարեսիրական գործունէութեան, բարերար Յակոբ Լօշխաճեանին յանձնեց յուշանուէր մը:
Ապա գեղարուեստական վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Համազգայինի սենեկային նուագախումբը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ ՀՅԴի «Մշակ Բանուոր»ով քայլերքով: