Մնացորդաց
Հայերէնն ու թրքերէնը (դ)
--Ածականի սաստկական աստիճան
Թրքերէնը ածականին յատկանիշը կը սաստկացնէ՝ առջեւէն անոր կցելով զանազան վանկեր, որոնք թելադրուած կ’ըլլան ածականի առաջին վանկէն. օրինակ՝ bim.biyaz, որ հայերէնը կը թարգմանէ իւրովի վանկով մը՝ ճեփ-ճերմակ: Սա իր կարգին գրաբարի մէջ գոյութիւն չունէր, եւ տեղի ունեցած է թրքերէնի թելադրանքով եւ պատճէնումով:
bom.boş պաս-պարապ kos.kocaman խոփ-խոշոր
büs.büyük խոփ-խոշոր bem.beyaz ճեփ-ճերմակ
dep.derin խոփ-խորունկ sep.serin զոփ-զով
dop.dolu լեփ-լեցուն sep.sert կապ-կարծր
düp.düz շիփ-շիտակ kap.kalın հափ-հաստ kıp.kırmızı կաս-կարմիր sip.siyah սեփ-սեւ
kıp.kısa կապ-կարճ up.uzun եփ-երկար
Ճիշդ ի՞նչ օրէնքով կ’ընտրուին այս սաստկացուցիչները, − յայտնի չէ, եթէ իսկապէս կայ նման օրէնք մը: Նկատելի է թրքերէն կառոյցներուն մէջ ձայնային ներդաշնակութիւնը. սաստկացուցիչն է, որ կ’ենթարկուի համապատասխան ածականի ձայնաւորին: Յատկանշական ներդաշակութիւն մըն ալ նկատելի է հայերէն բառերուն մէջ. սաստկացուցիչը միշտ ունի ածականին ձայնաւորը:
--ժողովրդական առածներ
Համատեղ կենակցութեան երկար դարերուն հայերէնը հետեւողականօրէն որդեգրած է թրքերէնի ժողովրդական առածները, որոնց ծագումը որեւէ հայու մտքով դժուար թէ վերագրուէր թուրքին կամ թրքերէնին, այնքան հարազատ կը հնչեն անոնք. տեսնենք մէկ քանին.
լեզուն ոսկոր չունի dilin kemiği yok
ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք eğri oturalım doğru konuşalım
երես տուինք, աստառն ալ կ’ուզէ yüz verdik astarınıda istiyor
անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք yağmurdan kaçtık doluya tutulduk
շունը կը հաջէ, կարաւանը կ’անցնի it havlar kevran geçer
ձուկը գլխէն կը հոտի balık baştan kokar
կճուճը գլորեցաւ, իր խուփը գտաւ tencere yuvarlandı kapağını buldu
մեծ էշը ախոռը մոռցանք büyük eşeyı ahırda unuttuk
անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ tatlı söz yılanı deliğinden çikarır
էշը հեծեր՝ էշ կը փնտռէ eşeğe binmiş eşek arıyor.
քիթէն ինկողը հազար կտոր կ’ըլլայ burnundan düşen bin parça olur.
կարճ օրուան շահը պզտիկ կ’ըլլայ kısa günün kâri az olur.
--մաղթանքներ եւ անէծքներ
Որոնք այնքան սովորական են մինչեւ այսօր ոչ միայն ժողոխրդախօսակցական հայերէնին, այլեւ լայնօրէն մուտք գործած են գրական-գեղարուեստական մարզ եւս:
գլուխդ ողջ ըլլայ Աստուած տայ
անցած ըլլայ ասոր ալ փառք
աչքդ լոյս շատ տարիներու
նպատակիդ չհասնիս եղած չըլլայիր
քիթէդ-բերնէդ գայ Աստուծմէ գտնես
օճախդ մարի Աստուած պելադ տայ
--առօրեայ հաղորդակցական ասոյթներ
Որոնք բառացի կը կիրարկուին նաեւ թրքերէնի մէջ:
մարդ գլուխ կրակի գին
գրպանը ծակ շուքէն կը վախնայ
քաշելիք ունինք ա՞յս էր ըլլալիքը
խօսքս անոր մեղքը վիզդ
գործիս կու գայ Աստուած խելք տայ
մեր մէջը մնայ տակը չեմ մնար
հոգիդ սիրես ըլլալիքը եղաւ
համը փախաւ եղբօրս ըսեմ
խելքիս պիտի գայ բերանս բանալ մի՛ տար
Ասոնք իրենց կարգին այնքան համարկուած են մեր արդի աշխահաբարին, որ մարդ պիտի դժուար հաւատար, թէ եկուոր փոխառութիւններ ըլլային այսպիսիները: --Փոխաբերական նշանակութեան նոյնութիւն
Ստորեւ կը բերենք այդպիսիներու շատ երկար շարքէն նմուշներ, որոնք իրենց բուն նշանակութեան կողքին՝ հայերէնն ու թրքերէնը կը կրեն փոխաբերական նո՛յն նշանակութիւնը եւս.
կանչել çağırmak երգել
կոխել basmak տպել
հանել çikarmak հնարել
նստիլ oturmak արժել
քաշել çekmek կշռել
քշել sürmek առաջնորդել
խօսքը բռնել sözünü tutmak յարգել, գործադրել
ինքզինք բռնել kendini tutmak ինքզինք զսպել
պարապ տեղը boş yerinde ի զուր
Արմենակ Եղիայեան