image

Լեզուական փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը (39)

Լեզուական փեթակ՝  Պուրճ Համմուտը (39)

Մնացորդաց

Հայերէնն ու թրքերէնը (է)

Աչքիառաջունենանքստորեւբերուածթրքերէնհատուածը, որուն սերտողութ-եան հետեւիլ կարենալու համար  բնաւ պայման չէ թրքերէն գիտնալ: Կը բաւէ պարկեշտօրէն յիշել շարքի հիմնական գաղափարները, որոնց անդրադարձանք նախապէս:  

«Կազեթէճի Ճենկիզ Չանտարըն Քիւլթիւր պաքանը Մեհմետ Նուրի Էրսոյա եէօնլենտիրտիղի սորու էօներկեսինտէ. «2015 եըլընտա ՈՒՆԷՍՔՕ թարաֆընտան Տիւնյա քիւլթիւր միրասը օլարաք թեսճիլլենէն վէ թարիհի քենթին քալպի օլան Տիյարպաքըր սուրլարը եըքըլմա թեհլիքէսիյլէ քարշը քարշըյատըր։ 

Տիյարպաքըր սուրլարը 6 Շուպաթթա մեյտանա կելեն տեփրեմլերտէ ճիտտի հասար կէօրմիւշթիւր։ Անճաք նէ եազըք քի, արատան կեչեն  եէտի այա ռաղմեն Տիւնյա միրասը քա- պուլ էտիլեն վէ պինլերճէ եըլտըր այաքթա քալմայը պաշարա պիլմիշ օլան Տիյարպաքըր սուրլարընըն քորունմասը վէ օնարըմը իչին եէթերլի չալըշմալար եափըլմամըշթըր։ Ամէտին գալպի ատեթա քատերինէ թերք էտիլմիշթիր։ 

Քիւլթիւր վէ Թուրիզիմ Պաքանընա սորույորուզ. «Թարիհի էն էսքի եափըլարընտան օլան, Տիւնյաքիւլթիւրել միրասը քապուլ էտիլեն վէ թարիհի քենթին քալպի սայըլան Տիյար- պաքըր սուրլարընը քորումաք սորումլուլուղունուզ ալթընտատըր։ Սորումլուլուղունուզուն կերեղի օլարաք, սուրլար իչին տերհալ պիր աճիլ էյլեմ փլանը պաշլաթաճա՞ք մը սընըզ» տիյէ սորտու»:

Հայատառթրքերէն, այսինքն՝ հայկական տառերով ու թրքերէն լեզուով  գրուած հատուած մըն է այս, որ առնուած է  Պոլսոյ  «Ակօս»-ի 1/9/2023-ի թիւէն:  

Ճիշդի՛նչնպատակովխմբագրութիւնը  օրինակելի հետեւողականութեամբ  կը դնէ այսպիսիները թերթի  հայկական բաժնի սուղ էջերուն մէջ՝ չեմ  հասկցած, քանի որ անոր   էջերուն 20-ը արդէն լիարժէք թրքատառ  թրքերէն է: 

Հայատառթրքերէնըեղածէայնառաջինլեզուն, որով հայ զանգուածները գրականութիւն կարդացած են  իրենց ժամանակին. 

«Վաղ ժամանակներից, գոնէ Ժգ. դարից սկսել էին հայերը սովորել թուրք կամ թաթար լեզուն...կարգ մը շրջաններու մէջ թաթարերէնը այնպէս արմատ բռնեց նրանց մէջ, որ հիմնեցին հայատառ թաթարերէն գրականութիւն եւ մինչեւ անգամ եկեղեցական  գրքերը եւ աղօթքները թաթարերէնի վերածեցին» (Հ. Աճառեան, ՀԼՊ.2, էջեր 258 եւ 262):

Այլ խօսքով՝ գրաբարն ու անոր յաջորդող միջին հայերէնը թօթափող հայը ինկաւ թրքերէնի ճիրաններու մէջ եւ անոր ճանչցած, կարդացած, այլեւ կիրարկած  առաջին գրականութիւնը եղաւ այդ թրքերէնով, թէկուզ հայատառ: Հայատառ թրքերէնով հիմնուեցան բազմաթիւ թերթեր, այլեւ եղան թարգմանութիւններ թէ՛ թուրք գրականութենէ, թէ՛ օտար գրականութենէ, յատկապէս ֆրանսերէնէն: Անդին աւանդ մնացած է հայատառ թրքերէն  հոգեւոր գրականութեան ծովածաւալ օժիտ մը, որ կընդգրկէ ճառեր, խրատներ, դաւանաբանական պատուիրաններ ու մանաւանդ Աստուածաշունչ մատեանի այլազան ձեւաչափեր: 

Այս սովորութիւնը մինչեւ 19-րդ դարու վերջը (եւ ոչ միայն) այսպէս կամ այնպէս շարունակուեցաւ նոյնիսկ այն  ժամանակ, երբ արդէն կը կարծէինք թրքերէնը պատուով թօթափած ըլլալ, գրուած էին հայերէն բառարաններ, հիմնուած էին հայերէն թերթեր եւ գեղարուեստական գրականութիւն ունէինք:  

Անցնինք:

*   *   *

Ուրեմն «Ակօս»-էն  բերուած հատուածը այդ  դարերու մէկ տարտամ   ցօլացումն է:

Այս հատուածը  կը բաղկանայ երեք պարբերութենէ, որոնց՝

--առաջինը  կազմուած է  մէկ պարզ նախադասութենէ,

--երկրորդը՝ երեք պարզ նախադասութենէ,

--երրորդը՝ երկու բարդ ստորադասական նախադասութեններէ, որոնք իրենց կարգին կազմուած  են՝ մէկական հեղինակային խօսքէ եւ մէկական մէջբերուած խօսքէ:

Այստեղ  կը գտնենք    թրքական աւանդական ոճի  հիմնական յատկանիշերէն հետեւ-եալները.

1. Բոլոր դիմաւոր բայերը, այսինքն՝ ստորոգիչները, առանց որեւէ բացառութեան դրուած են համապատասխան նախադասութեանց վերջը՝ կարմիրով ներկուած: 

2. Նման շարադասութիւն մը  տնտեսել կարենալու  համար՝  գրողը զանոնք խճողած ու ծանրաբեռնած է դերբայական  բազմաթիւ դարձուածներով, որոնք   ընդգծուած են:

3. Հատուածը յագեցած է կցականութեան այլազան տեսակներով:

Եւայս, տակաւին, ներկայիս գրուող այն թրքերէնն  է, որ փարսախներով հեռու է այն մէկէն, որ կը գրուէր արաբատառ օսմաներէնով՝ յատկապէս պետական-վարչական գրագրութեան, ինչպէս նաեւ  մամուլի մէջ, ուր նախադասութիւն մը կրնար մինչեւ մէկ էջ, երբեմն ալ աւելի ծաւալ ունենալ: Մերոնց  օրին կիրարկածը ահա այդ լեզուի հայատառ տարբերակն էր:

Արդիհայունենթագիտակիցինմէջ  այս բոլոր յատկութիւնները դրոշմուած են  եւ աւելի  կամ պակաս կը դրսեւորուին անոնք:

Այսդրսեւորումիգլխաւորնու  ամենաշատ ցաւցնողը դիմաւոր բայի շարադասութիւնն է. օրինակ՝ 

--«Ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի միացեալ սակ մը պէտք է ճշդուի, ինչպէս նաեւ տուրքերու  դրութիւնը կանոնաւորուի, այլ խօսքով՝  տուրքերու նոր քաղաքակա-նու թիւն մը որդեգրուի» («Ազդակ»):

Այս համադասական բարդ նախադասութիւնը ունի երեք բաղադրիչ.

--Ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի միացեալ սակ մը պէտք է ճշդուի, 

--ինչպէս նաեւ տուրքերու  դրութիւնը կանոնաւորուի, 

--այլ խօսքով՝  տուրքերու նոր քաղաքականու թիւն մը որդեգրուի:

Նաեւ՝ «Իսրայէլեան օդուժը բուռն յարձակումներ գործելով Կազայի մէջ բազմաթիւ բարձրայարկ շէնքեր  քանդեց» (անդ):

Կը  նմանի Մութ փապուղիի մը մէջ արտասանուած  միօրինակ ու ծանծաղ դամբանականի մը, որ ականջդ կը սրածէ:

Ուր բոլոր դիմաւոր բայերը դրուած են նախադասութեան վերջը՝ ճի՛շդ «Ակօս»-էն բերուած թրքերէն նմուշին հետեւողութեամբ: Եթէ ասոնք գրողը ունենար հայեցի շարադասութեան ճաշակը, ապա պարտէր գրել.

--Պէտք է ճշդուի ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի միացեալ սակ մը,

--ինչպէս նաեւ կանոնաւորուի տուրքերու դրութիւնը,

--այլ խօսքով՝ որդեգրուի տուրքերու նոր քաղաքականութիւն մը:

--Իսրայէլեան օդուժը, բուռն յարձակումներ  գործելով  Կազայի մէջ, քանդեց  բազմաթիւ  բարձրայարկ շէնքեր:

Այսպէսգրածենօրինմերսուրբթարգմանիչներըիրենցսրբագոյն  լեզուն. օրինակ՝

--Առն միոջ էին երկու որդիք:

--Ասէ կրտսերն ի նոցանէ ցհայրն.

--հա՛յր, տո՛ւր ինձ բաժին, որ անկանի յընչիցդ:

--Եւ նա բաժանեաց նոցա զկեանսն:

--Յետ  ոչ բազում աւուրց՝ ժողովեալ զամենայն կրտսեր որդւոյն՝ գնաց յաշխարհ հեռի

--եւ անդ վատնեաց զինչս իւր, 

--զի կեայր անառակութեամբ:

Մարկոսիաւետարանէնպատահականօրէնառնուածայսփոքրիկհատուածինմէջ, որմէ լոյս կը ճառագայթէ՝ ականջդ շոյող մեղմ երաժշտութեամբ մը հանդերձ,  չկայ բաղադրիչ մը, որուն դիմաւոր բայը դրուած ըլլայ նախադասութեան վերջը:

Ա՛յսէհայերէնուհայեցիշարադասութիւնը:

armenag@gmail.com                                                                                     Արմենակ Եղիայեան

                                                                         ====================

 

Յետագրութիւն

Այսուկաւարտի մեր այս զարմանալի դասընթացքը, որ բացարձակապէս ծրագրուած չէր, եւ ես ալ կը զարմանամ, թէ ինչպէս մինչեւ հոս դիմացայ: Հիմա որ աւարտեցաւ ան, ունիմ թաքուն  գոհունակութիւն մը եւ ակնկալութիւն մըն ալ. պիտի մաղթէի, որ տրուածը նախաճաշակ խայծ մը ըլլար՝ ոմանց մէջ թրքագիտութեան մարմաջը արթնցնելու: Վասնզի ամէն նոր թրքագէտի հետ քիչ մը աւելի լաւ պիտի ծառայած ըլլանք մեր դատին ու բերան մը աւելի պիտի պաշտպանենք զայն:

Չմոռնանք, Թուրքիոյ եւ Ազպեյճանի մէջ հետզհետէ  թափ  կառնէ ու կը զարգանայ հայերէնագիտութիւնը՝ վայելելով պետական ամէն նեցուկ, եւ բոլորդ ալ գիտէք, թէ ինչի՛ պիտի փորձեն ծառայեցնել անոնք իրենց այդ գիտութիւնը:

Ուրեմն  բարի երթ բոլորիդ:

Որեւէ  պակասի համար կրնաք կապուիլ հետս, որպէսզի ստանաք  որեւէ   թիւ:

Ողջլերուք, եւ ես ինձէն ողջ իսկ եմ դիցն օգնականութեամբ:

                                                                                                                                                 Ա. Ե.

Bir    bağırdı,   bir bağırdı      ki,   yer yerinden        oynadı.

Մէկ  պոռաց,  մէկ պոռաց, որ   երկիրը տեղէն   խաղաց:

Այսվերջինօրինակըմեզկըլուսաբանէառոգանութեաներեւոյթիմըմասին. թրքերէնը բացայայտօրէն դադար մը կառնէ  ki շաղկապէն ետք.  հայերէնը հաւատարմօրէն ընդօրինակած էր այս առոգանութիւնը, եւ   մինչեւ այսօր ալ շատ սովորական է  հանդիպիլ մեր որ/թէ շաղկապէն ետք ստորակէտ դնողներու: