Թրքերէնի բայական համակարգը
1.Բայի կառոյցը
Թրքերէնի բոլոր բայերը կազմուած են արմատէ մը եւ մէկ ու միասնական լծորդէ մը, որ է mak կամ mek՝ նայած, թէ արմատական վերջին ձայնաւորը յետնալեզուայի՞ն է (a, ı, o, u), թէ՞ յառաջնալեզուային (e, i, ö,ü). օրինակ՝
tut.mak (u-a) բռնել git.mek (i-e) երթալ
kız.mak(ı-a) տաքնալ dön.mek(ö-e) դառնալ
koy.mak(o-a) դնել sür.mek(ü-e) քշել
aç.mak (a-a) բանալ ver.mek(e-e) տալ
Բայական այս լծորդը յատուկ է մի՛միայն բային սկզբնաձեւին կամ անորոշ դերբային, որմէ դուդս՝ խոնարհական բոլոր ձեւերուն մէջ՝ դիմաւոր թէ դերբայական, ան կը դադրի որեւէ դերակատարութիւն ունենալէ եւ ընդմիշտ կ’անհետանայ. oրինակ՝
tut.ar.ım կը բռնեմ gid.er.im կ’երթամ
Այս երկու դիմաւոր ձեւերը գումարն են երեքական բաղադրիչներու.
--tut բայարմատը gid բայարմատը
--ar խոնարհիչը er խոնարհիչը
--ım դիմային վերջը im դիմային վերջը
Խոնարհիչը՝ar-er, այն իւրայատուկ հնչիւնը կամ հնչիւնախումբն է, որուն կու գան կցուելու դիմային վերջաւորութիւնները:
Ուրեմն՝ արմատն ու խոնարհիչը կը կազմեն տուեալ բային սահմանական ներկայի ու անկատարի խոնարհական հիմքը՝ tut.ar եւ gid.er.
tut.ar.ım կը բռնեմ gid.er.im կ’երթամ
tut.ar.sın կը բռնես gid.er.sin կ’երթաս
tut.ar կը բռնէ gid.er կ’երթայ
tut.ar.ız կը բռնենք gid.er.iz կ’երթանք
tut.ar.sınız կը բռնէք gid.er.siniz կ’երթաք
tut.ar.lar կը բռնեն gid.er.ler կ’երթան
Իսկ դիմաւոր մասնիկները նոյնինքն էական բայն են.
sorar.ım gelir.im surur.um görür.üm
կը հարցնեմ կու գամ կը քշեմ կը տեսնեմ
Եզակի երրորդ դէմքը` tutar, կը նոյնանայ բային հիմքով, այսինքն՝ զուրկ է դիմային վերջէ. իսկ ինչպէ՞ս կը ճանչցուի ան,− շատ պարզ է, դիմային վերջի բացակայութեամբ, քանի վերջ չունենալը իր կարգին առանձնայատկութիւն մըն է, եթէ միակ չունեցողն է: Իսկ յոգնակի երրորդ դէմքը իր կարգին զուրկ է դիմային վերջէ. ան գումարն է բայահիմքին եւ lar/ler՝ մէկ ու միասնական յոգնակերտ մասնիկին, որ յատուկ է նաեւ գոյականներուն եւ կարգ մը դերանուններու: Իսկ այս պարագային՝ tutar.lar թուաբանական յոգնակին է բայահիմքին, այսինքն՝ գ. դէմքի եզակիին: Եթէ բառացի հայերէն թարգմանենք, պիտի ըսենք՝ կը բռնէ-կը բռնէ.ներ, ինչ որ մեզի անհեթեթ կը հնչէ, սակայն այդպէս չէ թրքերէնին համար:
Համապատասխան անցեալ անկատարը կը ստացուի նոյն սկզբունքով, այսինքն՝ բայահիմքին վրայ էական բայի անկատարի կցումով.
tutar.dım կը բռնէի gider.dim կ’երթայի
tutar.dın կը բռնէիր gider.din կ’երթայիր
tutar.dı կը բռնէր gider.di կ’երթար
tutar. dız կը բռնէինք gider.diz կ’երթայինք
tutar.dınız կը բռնէիք gider.diniz կ’երթայիք
tutar.dı(lar) կը բռնէին gider.di(ler) կ’երթային Հետաքրքրական է յոգնակի գ. դէմքի պարագան:
Ան փաստօրէն նոյնն է եզակիին հետ, որովհետեւ երրորդ դէմքի պարագային թրքերէնը կը գոհանայ յոգնականացնելով մի՛այն ենթական՝ եզակի բայով. այսպէս՝
o gider.di – ան կ’երթար onlar gider.di – անոնք կ’երթային
Ճիշդ ինչպէս անգլիացին պիտի ըսէր՝ he went – they went:
Ուր եզակին եւ յոգնակին կ’իմացուին դերանուն-ենթակայի շնորհիւ:
Այսուհանդերձ բացառուած չէ, որ թրքերէն խօսողը կամ գրողը ըսէ՝ gider.di.ler այսինքն՝ յոգնականացնէ եզակի գ. դէմքը. ուրեմն հաւասարապէս ըսուի՝
onlar gider.di onlar gider.di.ler
2. Անկատար ներկայ եւ անկատար անցեալ ժամանակներ
Թրքերէնը այն սակաւ լեզուներէն է, որ օժտուած է այս ժամանակով, որ ցոյց կու տայ գործողութեան ի կիր արկանումը խօսուած պահուն. ան համարժէք է աշխարհաբարի գնում եմ ու կ’երթամ կոր եւ անգլերէնի I am going ձեւերուն:
Այս բայաձեւը կը ստացուի i-yor ածանցի մուծումով բայարմատի եւ դիմային վերջի միջեւ: Անոր առաջին ձայնաւորը կը փոփոխուի ըստ ներդաշնակութեան բարդ կաղապարին (ı, i, u, ü), իսկ դիմային վերջը իր կարգին կը փոխուի o > u կարգով:
al.ıyor.um կ’առնեմ կոր ver.iyor.um կու տամ կոր
al.ıyor.sun կ’առնես կոր ver.iyor.sun կու տաս կոր
al.ıyor … կ’առնէ կոր ver.iyor… կու տայ կոր
al.ıyor.dum կ’առնէի կոր ver.iyor.dum կու տայի կոր
al.ıyor.dun կ’առնէիր կոր ver.iyor.dun կու տայիր կոր
al.ıyor.du... կ’առնէր կոր ver.iyor.du... կու տար կոր
Արմենակ Եղիայեան