«Բոլոր պատասխանատու երկիրներուն, որոնց հետ մենք կը շփուինք, որոնցմէ մէկն է նաեւ Թուրքիան, մենք յամառօրէն խորհուրդ կու տանք վերլուծել իրավիճակը, քիեւեան ռեժիմի յաւերժական ռազմատենչ յայտարարութիւնները, եւ կը նախազգուշացնենք անոնց՝ չսնել Ուքրանիոյ ռազմատենչ տրամադրութիւնները»,- ըսած է Լաւրովը Եգիպտոսի իր գործընկեր Սամրհ Շուքրիի հետ բանակցութիւններէն ետք:
Այսպիսով, 10 ապրիլին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի՝ Թուրքիա կատարած վերջին այցի լոյսի ներքոյ Ուքրանիոյ կողմէ զէնք գնելու քննարկումներու վերաբերեալ նախարարը մեկնաբանած է հարցը՝ արդեօ՞ք Ռուսաստանը մտահոգուած է Քիեւին զէնք վաճառելու հարցի կապակցութեամբ:
Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ուղղուած չէ երրորդ երկիրներու դէմ:
Աւելի վաղ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու առաջատար արտադրող Baykar-ի մամուլի ծառայութիւնը «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած էր, որ Ուքրանիան արդէն գնած է թրքական Bayraktar մարտական անօդաչուները: