Ուքրանական կարգաւորման շուրջ եռակողմ բանակցութիւնները դադրեցուած են, սակայն ռուսական կողմը կապի մէջ է ամերիկեան կողմի հետ եւ կը քննարկէ նախեւառաջ ուքրանական հիմնախնդիրը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը։
«Այժմ եռակողմ բանակցութիւններուն մէջ դադար է: Մենք կապեր ունինք ամերիկացիներու հետ, բայց կը տեսնենք, որ ուքրանացիներն ալ անոնց հետ աշխուժօրէն կը բանակցին: Այժմ ամերիկեան բանակցողները՝ մենք գիտենք, թէ որու մասին է խօսքը, անոնք այժմ զբաղած են այլ բանով, աւելի մեծ խնդրով», -ըսած է Ուշաքովը:
Այսպէս ան պատասխանած է լրագրողներու խնդրանքին՝ պարզաբանած, թէ արդեօք կարելի է այժմ խօսիլ ուքրանական հիմնախնդրի շուրջ ամերիկացիներու հետ շփումներու դադարի մասին:
Ան նաեւ պատասխանած է այն հարցին, թէ արդեօք ամերիկեան կողմը կը տեղեկացնէ ռուսական կողմին ուքրանացիներու հետ իր բանակցութիւններու ընթացքի մասին:
«Շփումներու գործընթաց կը շարունակուի, եւ այդ շփումներու ընթացքին մենք կը քննարկենք, ես կ՚ըսէի՝ նախեւառաջ ուքրանական հիմնախնդիրը», -ըսած է Ուշաքովը: