image

Լաւրով. Մենք Անգարան զգուշացուցինք Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան աճի մասին

Լաւրով. Մենք Անգարան զգուշացուցինք Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան աճի մասին

 

Ռուսիան կը նախազգուշացնէ Թուրքիան եւ միւս երկիրները՝ չսնել Ուքրանիոյ ռազմատենչ տրամադրութիւնները: Այս մասին  յայտարարած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսլի»-ն:

 

«Բոլոր պատասխանատու երկիրներուն, որոնց հետ մենք կը շփուինք, որոնցմէ մէկն է նաեւ Թուրքիան, մենք յամառօրէն խորհուրդ կու տանք վերլուծել իրավիճակը, քիեւեան ռեժիմի յաւերժական ռազմատենչ յայտարարութիւնները, եւ կը նախազգուշացնենք անոնց՝ չսնել Ուքրանիոյ ռազմատենչ տրամադրութիւնները»,- ըսած է Լաւրովը Եգիպտոսի իր գործընկեր Սամրհ Շուքրիի հետ բանակցութիւններէն ետք:

Այսպիսով, 10 ապրիլին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի՝ Թուրքիա կատարած վերջին այցի լոյսի ներքոյ Ուքրանիոյ կողմէ զէնք գնելու քննարկումներու վերաբերեալ նախարարը մեկնաբանած է հարցը՝ արդեօ՞ք Ռուսաստանը մտահոգուած է Քիեւին զէնք վաճառելու հարցի կապակցութեամբ:

Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը Զելենսքիի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ուղղուած չէ երրորդ երկիրներու դէմ:

Աւելի վաղ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու առաջատար արտադրող Baykar-ի մամուլի ծառայութիւնը «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած էր, որ Ուքրանիան արդէն գնած է թրքական Bayraktar մարտական անօդաչուները: