«Ռուսաստանը ի գործ կը դնէ ամէն միջոց, որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող հակամարտութիւնը շուտ աւարտի»,-այս մասին այսօր յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին։
Փութին, որ խօսած է ռուսաստանեան «Ռիա Նովոսթի» գործակալութեան մասնաւորապէս ըսած է,-«Գիտեք, Ռուսաստան կ՚ընէ ամէն ինչ, որպէսզի հակամարտութիւնը Հարաւային Կովկասում աւարտի հնարավորինս արագ, որպէսզի պահպանուին մարդկային կեանքերը, որոնք կանգնած են իրար դէմ դիմաց, եւ ցավալիորեն զիրար կը տեսնեն հրացաններու նշանառութեան ճամբով եւ զէնք կը գործածեն իրար դէմ»։ Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ հակամարտող կողմերը իրենց նպատակներուն կրնան հասնիլ խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցով։
«Ամէն պարագայի մենք կապի մեջ ենք եւ՛ Հայաստանի, եւ՛ Ատրպէյճանի հետ: Յոյսով եմ, որ կը յաջողինք արդիւնքի հասնիլ այն ալ այնպիսի հիմքով, որը շահեկան կ՚ըլլայ տարածաշրջանին մէջ բնակող բոլոր մարդոց համար»,- եզրափակած է Պուտին։