Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չեն կրնար «գայթակղել» ԱՄՆ-ի հետ առեւտրային պայմանաւորուածութիւններով, որպէսզի Մոսկուան զիջումներու երթայ Ուքրանիոյ հարցով։ Լաւրովը, հանդէս գալով մամուլի ասուլիսով, անդրադարձած է շարք մը կարեւոր թեմաներու։
Անոր խօսքով, Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուած որեւէ խաղաղապահ ուժ ռուսական զինուած ուժերու կողմէ պիտի դիտարկուի որպէս օրինական ռազմական թիրախ։
Նախարարը խիստ քննադատած է նաեւ Եւրոպան՝ ընդգծելով, որ այն «անամօթաբար կը փորձէ տեղ գրաւել» Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ «Հաշուի առնելով եւրոպական երկիրներու դիրքորոշումը՝ անոնք այնտեղ ընելիք չունին»,-ըսած է Լաւրովը։
Լաւրովը եւրոպացի առաջնորդները համեմատած է Իլֆի եւ Փեթրովի յայտնի վէպի «ջղային բաճկոններու» հետ՝ ընդգծելով, որ անոնք «ոչ մէկ բանի համար պատասխանատու են, բայց շատ կը խօսին այն հարցերու մասին, որոնց վրայ չեն կրնար ազդել»։
Խօսելով Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի մասին՝ Լաւրովը նշած է, որ վերջինս կը ձգտի կանխել Արեւմուտքի «առողջ ուժերու» կառուցողական ուղիի հետեւիլը, ինչպէս նաեւ կը փորձէ ԱՄՆ-ն եւ ԵՄ-ն հակադրել Չինաստանի դէմ։
Նախարարը կրկին ընդգծած է, որ ռուսական բանակը չի հարուածեր քաղաքացիական թիրախներ կամ խաղաղ բնակչութիւնը, իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մասին ըսած է, որ ան «չի համապատասխաներ համաշխարհային կազմակերպութեան կանոնադրութեան պահանջներուն»։