image
Հրատապ լուրեր:

Երկկողմ քննարկումներ Փաշինեան-Փութին հանդիպումին

Երկկողմ  քննարկումներ Փաշինեան-Փութին հանդիպումին

Քրեմլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս մասին յայտնած են Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Ողջունելով Նիկոլ Փաշինեանը՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհակալութիւն յայտնած է աթոմային ոլորտի զարգացման նուիրուած միջազգային միջոցառման մասնակցելու հրաւէրն ընդունելու համար։

«Յարգելի Նիկոլ Վլադիմիրի, յարգելի բարեկամներ, բարի երեկոյ, շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելու համար։ Շնորհակալութիւն, որ ընդունեցիք մեր հրաւէրը եւ ժամանեցիք միջազգային միջոցառման` նուիրուած աթոմային ոլորտի զարգացման», –ըսած է Փութինը։

Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ աթոմային ելեկտրակայանը երկար ժամանակ է, որ կը գործէ եւ կ՚ապահովէ երկրի ելեկտրական ուժանիւթի 30 տոկոսը, որ լուրջ ցուցանիշ է։ Ռուսիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ «Ռոսաթոմ»-ն այժմ կ՚աշխատի աթոմային ելեկտրակայանին (ԱԷԿ) գործունէութեան ժամկէտի երկարաձգման ուղղութեամբ՝ Փաշինեանի ներկայութիւնը ֆորումին համարելով «լիովին տրամաբանական»։

Անդրադառնալով երկկողմ յարաբերութիւններուն՝ Վլատիմիր Փութինը ատոնց զարգացումը դրական գնահատած է։ «Ընդհանուր առմամբ, մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան, կը զարգանան լաւ, գրեթէ 11 միլիառ տոլարի առեւտրաշրջանառութիւն ունինք։ Մեր վիճակագրական տուեալներով`Հայաստանի հետ 2024 թուականին 11,7 միլիառ տոլարի առեւտրաշրջանառութիւն ունեցած ենք, այդ մրցանշային ցուցանիշ է։ Յարաբերութիւնները կը զարգանան նաեւ բոլոր միւս ուղղութիւններով։ Մենք միշտ ունինք խօսելու թեմաներ, չնայած վերջերս հանդիպած ենք, ամէն պարագային շատ ուրախ ենք Ձեզ տեսնելու համար Մոսկուայի մէջ։ Եւս մէկ անգամ բարի գալուստ», – նշած է Ռուսիոյ նախագահը։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է «Համաշխարհային աթոմային շաբաթ» միջազգային ֆորումին հրաւիրելու եւ աթոմային արհեստագիտութիւններու վերաբերեալ նորութիւններով բաժնեկցելու համար։

«Այսօր մենք բազմաթիւ նորութիւններ իմացանք ատոմային տեխնոլոգիաների մասին, շնորհակալութիւն դրանցով կիսուելու համար։ Ի հարկէ, ատոմային էներգետիկայի դերը շարունակաբար աճում է եւ ատոմային էներգետիկան արդէն գլոբալ առումով համարւում է էկոլոգիական էներգիա», –ըսած է վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեանը նոյնպէս կարեւորած է աթոմային ուժանիւթի դերը Հայաստանի համար՝ հաստատելով, որ Հայաստանի աթոմային ելեկտրակայանի գործունէութեան ժամկէտը մինչեւ 2036 թուականը երկարաձգելու նպատակով Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ սերտ համագործակցութիւն կ՚ընթանայ։ Ան աւելցուցած է, որ աշխուժ երկխօսութիւն կայ Ռուսիոյ հետ՝ փոքր մոտուլային աթոմային հնարաւորութիւններու հարմար նախագիծեր գտնելու ուղղութեամբ։

«Մենք շատ արդիւնաւէտ համագործակցում ենք «Ռոսատոմ» կորպորացիայի հետ», – ընդգծած է ան։

Խօսելով յարաբերութիւններու ընդհանուր շարժի մասին՝ ՀՀ վարչապետը նշած է, որ ատոնք կը զարգանան ըստ նախատեսուածի։

Առեւտրաշրջանառութեան վերաբերեալ ան մեկնաբանած է․ «Դուք ընդգծեցիք փոխադարձ առեւտրաշրջանառութիւնը, ճիշդ է այս տարի որոշակի անկում է նկատւում, դա կապուած է որոշ գլոբալ գործընթացների հետ, բայց ես կարծում եմ, որ կայ հնարաւորութիւն աշխատելու այդ ուղղութեամբ, որպէսզի մեր փոխադարձ առեւտուրը շարունակի աճել այն տեմպերով, որոնք արձանագրուել են 2023-2024 թուականներին»։