Այս օրերուն կը նշուի նահատակութեան 108-ամեակը, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան քսան հերոսներուն, որոնք 1915 թուականի Յունիս 15-ին, Պոլսոյ Պայազիտի հրապարակին վրայ թրքական կառավարութեան կողմէ կախաղան հանուեցան՝ Երիտ. թուրքերու պարագլուխներուն դէմ մահափորձ կազմակերպելու մեղադրանքով:
Նոյն տարուայ Ապրիլ 24-էն սկսեալ հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւններու ու անկէ ետք, գաւառներուն մէջ ժողովուրդի տեղահանութեան ու ջարդերու մասին Պոլսոյ մէջ ապրող վերնախաւը գրեթէ անտեղեակ կը մնար: Միայն Յունիս 15-ի առաւօտեան է որ, տեսնելով քսան հայերու մարմինները կախուած հրապարակին վրայ, Պոլսահայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձաւ պահի լրջութեան եւ իրազեկ եղաւ Հայ ժողովուրդի ահաւոր ճակատագրին, որուն զոհ գացին աւելի քան 1.5 միլիոն հայորդիներ:
Առանց առանձնացնելու Քսանները մեր ժողովուրդի միւս զաւակներէն, որոնք զոհ գացին Մեծ Եղեռնին, անոնց նահատակութիւնը ունեցաւ յատուկ իմսատ մը, որ կը կայանայ անոնց ցուցաբերած քաղաքական հեռատեսութեան մէջ, որուն սակայն չանդրադարձան հայութեան միւս հատուածներն ու մտաւորականները՝ շարունակելով հաւատք ընծայել ու գործակցիլ Երիտ. թուրքերու կառավարութեան հետ:
Տարբեր պիտի ըլլար Արեւմտահայութեան ճակատագիրը եթէ Քսանները ու անոնց պատկանած Կուսակցութիւնը յաջողէին իր լրումին հասցնել 1913-ին, Ռումանիոյ մէջ գումարուած՝ ՍԴՀԿ 7-րդ համագումարի գաղտնի որոշումը, որուն հիման վրայ պէտք էր ահաբեկել՝ Հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն նախապատրաստող դահիճները:
«Դուք մեզ քսաններս կը կախէք, սակայն քսան հազարներ պիտի գան մեր վրէժը լուծելու», «Վաղը արեւելքի հորիզոնին վրայ դուք պիտի տեսնէք Հայաստանի վերածնունդը», աւետեցին Քսանները կախաղանի վրայէն ու այդպիսով դարձան խորհրդանիշ՝ Հնչակեան շարքերուն մօտ: Անոնց յիշատակին ձօնուեցան տասնեակ բանաստեղծութիւններ ու երգեր, լոյս տեսան պատմական, քաղաքական ու գեղարուեստական հատորներ՝ Հայաստանի, սփիւռքի եւ նաեւ նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ: Այսօր թուրք յառաջդիմական մտաւորականները մեծ ակնածանքով վեր կ՛առնեն Քսաններուն պարագլուխ Փարամազի՝ Մաթէոս Սարգիսեանի ելոյթներն ու գրութիւնները, որպէս ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տարածող առաջին ռահվիրան:
Քսանները չկարողացան կանխել մեր ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, սակայն անոնք կարողացան յաջորդ սերունդներուն մօտ վառ պահել Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարական հիմունքները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի Մայր Կուսակցութիւնը իր պատմութեան անցնող 136 տարիներու ընթացքին: Այդ սկզբունքները կը կայանան Հայաստանի հանդէպ անվերապահ նուիրումի, Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան« ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան մէջ:
Այս համոզումներով է որ, կ՛առաջնորդուի ՍԴՀԿ այսօրուայ մեր ազգային իրականութենէն ներս ու կը պաշտպանէ Հայաստանի մէջ ընթացք առած բարեփոխումները:
Ինչպէս Քսանները հաւատացին Հայ ժողովուրդի յաւերժութեան, այդպէս ալ մենք կը հաւատանք, որ հակառակ ներկայի բոլոր դժուարութիւններուն, Հայաստանի ապագան պիտի ըլլայ աւելի փայլուն ու զայն կերտողներու շարքերուն վրայ պէտք է գտնուի ՍԴՀԿ-ն:
Փա¯ռք Քսաններուն ու Հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»