image

Կը հրաւիրեմ Ֆրանսան՝ եւրոպական եւ միջազգային կառոյցներու հետ մեծ շարժում սկսելու Հայաստանի համար. ֆրանսացի պատգամաւոր

Կը հրաւիրեմ Ֆրանսան՝ եւրոպական եւ միջազգային կառոյցներու հետ մեծ շարժում սկսելու Հայաստանի համար. ֆրանսացի պատգամաւոր

Ֆրանսայի սենատի անդամ Վալերի Պուայէն իր դիմատետրեան էջին Հայաստանին աջակցելու կոչ ըրած է:

«Կը հրաւիրեմ Ֆրանսան եւրոպական եւ միջազգային կառոյցներու հետ մեծ շարժում սկսելու Հայաստանի համար: Ռուսիոյ կողմէ յարձակման ենթարկուած Ուքրանիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակման ենթարկուած Հայաստանի միջեւ երկակի չափանիշեր չեն կրնար ըլլալ», - գրած է քաղաքական գործիչը՝ կցելով #SaveArmenia եւ #StandWithArmenia հեշթէկները:

Յիշեցնենք, որ 13 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի նկատմամբ ռազմական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմն ունի աւելի քան 200 զոհ եւ անհետ կորսուած: Ատրպէյճանի զօրքը կը շարունակէ գտնուին ՀՀ ինքնիշխան տարածքին մէջ: