image

«Կը Դիմակայենք». ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմենճեան

«Կը Դիմակայենք». ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմենճեան

  Բոլորիս համար դժուար օրեր են։ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները պայմանաւորուած աղէտալի երկրաշարժներով կ՚անցնին բարդ վիճակներէ։ Հայաստանի մէջ հերոսական Արցախը մայր հայրենիք՝ Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր փակ պահուիլը աւելցուցած է   մեր  մտահոգութիւնները։ Բաց աստի սահմանային անվտանգութեան հարցը,  եւ ապա ներքին տարակարծութիւնները մեր ժողովուրդը դրած են իրողապէս փորձութիւններով լեցուն փուլի մը առջեւ։

 Եւ այս բոլորին առընթեր մեծագոյն հարցումը, որ լսելի կը դառնայ, ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընել դուրս գալու համար այս դժուարին պայմաններէն։ 

 Հարցումներ, որոնց պատասխանը տալ փորձած է տալ մեզի սիրելի Տիար Արէն Տէյիրմենճեանը, իր այդքան կարճ ու բովանդակալից ուղերձին մէջ։

Տէյիրմենճեան, որ Հայաստանի ԱՀԱԸ-ի մարմնի ներկայացուցիչն է կարեւորագոյն շեշտը կը դնէ բարի եւ ճշմարիտ գործը առաջ տանելու գաղափարին վրայ, որն ինքնին նոր ճանապարհ է մեզի բոլորիս համար, որ կը բոլորենք մեծ հարցումներով լեցուն ժամանակներ։

 Տէյիրմենճեան կը գրէ ՝

 

Դժուար էր լաւատեսութիւն ցուցաբերել աղէտներով եւ շարունակուող դժուարութիւններով ամբողջ ամսուան մը ընթացքին: Հայաստանի հայերուն համար Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը ինչ որ չափով կը յիշեցնէր 1988 թուականի ողբերգութիւնը: Այդ ժամանակուընէ ի վեր մեր ազգը բազմաթիւ անգամ ցաւ ապրած է, բայց մենք միշտ յայտնի եղած ենք անով, թէ ինչպէս կ'արձագանգենք այսպիսի իրավիճակներուն:

Այն ժամանակ AMAA-ի (ԱՀԱԸ-Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն) արձագանգի վերջնարդիւնքը ճգնաժամի պայմաններուն տակ 1991 թուականին Հայաստանի մէջ մեր առաջին գրասենեակի բացումն էր: Այսօր Փարամուսի (ԱՄՆ) մեր գլխաւոր գրասենեակը Հալէպի մէջ (Սուրիա) կ'արձագանգէ օգնութիւն տամադրելու ջանքերով։ Արցախի մէջ անցեալ շաբաթ շրջափակումը ճեղքելէն յետոյ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ սկսանք տրամադրել:

Ինչպէս խելամտօրէն կը նշէ Չարլզ Սուինտոլ.- «Կեանքը 10%-ով այն է, ինչ տեղի կ'ունենայ մեզի հետ, եւ 90%-ով այն, թէ ինչպէս մենք կ'արձագանգենք անոր»:

Կը դիմակայենք: