Ընդդիմադիր դաշտը բաց է համագործակցութեան համար, կոչ կ՚ընենք բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն համախմբուելու այս իշխանութիւնները հեռացնելու համար։ Այս մասին Սումկայիթի մէջ իրականացուած հայերու ջարդերու զոհերու յիշատակին նուիրուած արշաւի ժամանակ յայտարարած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը:
«Արցախի կորստի մասին նույնիսկ չեն խոսում, դա անհրաժեշտ է Հայաստանի կործանումը կասեցնելու համար»,- ընդգծած է Օհանեանը։
Անոր խօսքով, ընդդիմութեան քայլերը կախուած պիտի ըլլան իրավիճակէն. «Եթէ ոչ, ապա ընտրութիւններն այն հարթակն են, որտեղ ցանկացած կայացած ուժ եւ առաջնորդ կարող է կասեցնել Հայաստանի կործանման գործընթացը։ Ընտրութիւններն այն քաղաքակիրթ ճանապարհն են, որոնք փոխում են քաղաքական էլիտաներին»,- յիշեցուցած է Օհանեանը։