image

Կրակ բացած են Մարսէյլի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի ուղղութեամբ

Կրակ բացած են Մարսէյլի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի ուղղութեամբ

Կրակած են Մարսէյլի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի վրայ: 

Դէպքը տեղի ունեցած է 24 յունուարին՝ ժամը 18:40-ին:

«Սա հայկական ամենախորհրդանշական կեդրոններէն մէկն է: Սրահին մէջ շաբաթական կը սորվին աւելի քան 250 երեխայ: Անհանգստութիւնս անսահման է: Վստահ եմ՝ կառավարութիւնը կ'երաշխաւորէ հետագայ անվտանգ գործունէութիւնն ապահովելու համար: Մենք անկոտրում ենք», -ըսած է «Աբովեան» վարժարանի նախագահ Կարէն Խուրշուտեանը:

Տեղի ունեցածէն ետք ոստիկանութիւնը այցելած եւ ուսումնասիրած է դէպքի վայրը: Հրազէնը կոտրած է երկրորդ յարկի պատուհանը, ուր դաշնամուրի դաս կ'իրականացուէր: Տուժածներ չկան:

Դէպքի առնչութեամբ Մշակոյթի կեդրոնի նախագահը բողոք ներկայացուցած է ոստիկանութիւն:

Մշակոյթի կեդրոնը Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման կեդրոնակայանն է: Արցախեան պատերազմի ժամանակ այն կը համակարգէր Մարսէյլէն եւ երկրի հարաւէն դէպի Հայաստան ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը:

Մինչեւ այս նմանօրինակ դէպքեր տեղի ունեցած են Պերլինի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փարիզի եւ Տեսինի մէջ, երբ վանտալիզմի ենթարկուած էր Կոմիտասի արձանը եւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Այս գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած էր «Գորշ գայլեր» թուրք ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումը, որ լուծարուած է Ֆրանսայի մէջ:

 

 

 Լուրը ՝ «Նիւզ.ամ»էն