Կրօնական յայտնի գործիչ Ֆէնթհիւլլա Կիւլէնի հետեւորդ բարձրաստիճան սպաներ փորձած են պետական հարուած կատարել Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Եէնի Շաֆաք»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ պետական հարուած կատարողները նպատակ ունէին գրաւել երկրի գլխաւոր զինուորական կեդրոններն ու սպայակոյտի գլխաւոր կեդրոնատեղին: Փակուած է Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանը եւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ եւս լարուած իրավիճակ կը տիրէ: