image

Ատրպէյճանը պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք զինուորականներու ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան

Ատրպէյճանը պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայանալիք զինուորականներու ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան

Նոյեմբեր 20-24-ը Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայանալիք զինուորականներու ըմբշամարտի աշխարհի 37-րդ առաջնութեան Ատրպէյճանը պիտի չմասնակցի։

Այս մասին ասուլիսի ժամանակ ըսած է ՀՀ ՊՆ զինուած ուժերու ֆիզիքական պատրաստութեան եւ մարմնամարզութեան ծառայութեան պետ, գնդապետ Արման Դաւթեանը։

«Ռազմական սպորտի միջազգային խորհրդի միջոցառումների հրաւէրներն ուղարկւում են ոչ թէ կազմակերպիչ երկրի կողմից, այլ Խորհրդի կողմից եւ չի կարող որեւէ երկրի հրաւէր չուղարկուել։  Ադրբեջանի հաւաքականը յայտ չի ներկայացրել եւ չի ժամանել Հայաստան»,- նշած է ան։

Յիշեցնենք, որ առաջնութեան մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի ժամանէ 24 երկրի պատուիրակութիւն։