image

Կիրակի վիրաւորուած Սագօ Գույումճեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր.Աղբիւր

Կիրակի    վիրաւորուած Սագօ Գույումճեանի  վիճակը կը շարունակէ մնալ  ծանր.Աղբիւր

Հալէպի  Նոր Գիւղ շրջանին մէջ  վիրաւորուած  Սագօ Գույումճեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր:   Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  փոխանցեց, որ ներկայիս  Գույումճեան  կը գտնուի  «Ալ Րազի» հիւանդանոցին  մէջ եւ գաղութային մարմիններ մօտէն կը հետեւին  անոր  բաւական  բարդ  վիճակին:  Կը նշուի նաեւ, որ    գանկէն   անծանօթ փամփուշտ մը  ստանալուն հետեւանքով բժիշկները   յանձնարարած  են  վիրաւորեալը, այլ հիւանդանոց չփոխադրել: Նշենք, որ  Գույումճեան վիրաւորուած էր  կիրակի օր, երբ  հասած էր  Նոր Գիւղի  շրջան՝ իր տան  պէտքերը  հոգալու համար: Սագօ   Գույումճեան  ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ: