Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ վիրաւորուած Սագօ Գույումճեանի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ ներկայիս Գույումճեան կը գտնուի «Ալ Րազի» հիւանդանոցին մէջ եւ գաղութային մարմիններ մօտէն կը հետեւին անոր բաւական բարդ վիճակին: Կը նշուի նաեւ, որ գանկէն անծանօթ փամփուշտ մը ստանալուն հետեւանքով բժիշկները յանձնարարած են վիրաւորեալը, այլ հիւանդանոց չփոխադրել: Նշենք, որ Գույումճեան վիրաւորուած էր կիրակի օր, երբ հասած էր Նոր Գիւղի շրջան՝ իր տան պէտքերը հոգալու համար: Սագօ Գույումճեան ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ: