ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ'ուսումնասիրէ հայ ռազմագերիները խոշտանգելու վերաբերեալ թելեկրամի տիրոյթի մէջ երէկ տարածուած տեսանիւթը։ Այս մասին «Արեւելք»իմացաւ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արամ Թորոսեանէն։
Նշենք, որ թշնամին երէկ թելեկրամ ալիքներով տարածած էր նոր նիւթեր, թէ ինչպէս կը խոշտանգեն գերեվարուած հայ զինուորները: Տեսանիւթերուն մէջ չեն երեւիր ատրպէյճանցի զինծառայողներու դմէքերը, ամենայն հաւանականութեամբ, նոյնականացումը բացառելու նկատառումներով: