image

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Հայաստան−Արցախ՝ մամլոյ ներկայացուցիչներու ուշադրութեան առարկայ

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Հայաստան−Արցախ՝ մամլոյ ներկայացուցիչներու ուշադրութեան առարկայ

Հինգշաբ­թի, Հոկ­տեմբեր 10-ին Փա­րիզի Հայ մշա­կոյթի տան մէջ կազմակերպուած էր մամլոյ ասու­լիս մը «Տա­րի մը ետք, առա­ջին ձեռ­քէ վկա­յու­թիւններ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ տի­րող կա­ցու­թեան վե­րաբե­րեալ» վեր­նագրով, մաս­նակցու­թեամբ՝ Ար­ցա­խի նախ­կին Պետ­ական նա­խարար եւ Մարդկա­յին իրա­ւանց պաշտպան Ար­տակ Բեգլա­րեանի, Մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի փոր­ձա­գէտ եւ փաս­տա­բան Գառ­նիկ Քեր­քո­նեանի, Հա­յաս­տա­նի նախ­կին Մարդկա­յին իրա­ւանց պաշտպան՝ Ար­ման Թա­թոյեանի, որոնք Ազեր­պայճա­նի կող­մէ պա­տան­դ ա­ռուած 23 հա­յերու անար­դա­րօրէն բան­տարկու­թեան հար­ցե­րուն անդրա­դար­ձան։ Անհրա­ժեշտ նա­խաձեռ­նութիւն մը մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադրու­թիւնը վառ պա­հելու՝ ար­դէն տա­րի մըն է Պա­քուի բան­տե­րուն մէջ բան­տարկուած Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան ղե­կավար­նե­րու եւ 2020-ի պա­տերազ­մին գե­րեվա­րուած հա­յերու կացութեան մասին, որոնք մի­ջազ­գա­յին մարդկա­յին ամէ­նէն տար­րա­կան օրէնքնե­րու ոտ­նա­կոխու­մով տա­կաւին կա­լան­քի մէջ կը մնան, բան­տարկու­թեան ամէնէն դա­ժան պայ­մաննե­րու մէջ, ենթարկուած՝ ան­հիմն դա­տական հե­տապնդու­մի, առանց կա­րելիու­թիւնը ու­նե­նալու իրենց պաշտպա­նու­թեան հա­մար դի­մելու ան­կախ մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­բան­նե­րու։ 

Սոյն նա­խաձեռ­նութիւ­նը ան­մի­ջա­կա­նօրէն կ՚ար­ձա­գանգէ Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դա­տախազ Լուիս Մո­րենօ Օքամ­փո­յի հա­յերուն ուղղած կո­չին, որ միակամ պէտք է ճնշում բա­նեց­նել մին­չեւ COP29 կլի­մայի մի­ջազ­գա­յին հա­մագու­մա­րի կա­յացու­մը, հայ պա­տանդնե­րու ազատ ար­ձա­կումը ձեռք ձգելու հա­մար։ Մինչ այդ պէտք է ըսել որ ՄԱ­Կ-ի բարձրա­գոյն դա­տական ատեանին՝ Ար­դա­րադա­տու­թեան մի­ջազգային դա­տարա­նի որո­շումնե­րը չգոր­ծադրուած կը մնան։ Ար­ցա­խը բո­լո­րո­վին պար­պուած է հայ բնակ­չու­թե­նէն, ար­ցախցի­ներու անվտանգ վե­րա­դար­ձի, բնա­կու­թեան, գոյ­քի սե­փա­կանու­թեան իրա­ւունքնե­րը ոտ­նա­կոխուած են, Ազեր­պայճա­նի ցե­ղա­պաշ­տա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը կը շա­րու­նա­կուի, հա­ւաքա­կան մշա­կու­թա­յին ու կրօ­նական հետ­քե­րու հե­տե­ւո­ղական ոչնչա­ցու­մով։ 

Ֆրան­սա­կան եւ արեւմտեան մա­մու­լի եր­կու տաս­նեակ ներ­կա­յացու­ցիչնե­ր փու­թա­ցած էին սոյն մամ­լոյ ասու­լի­սին։ Քա­ջալե­րելի երե­ւոյթ մը, ինչ որ ցոյց կու տայ նաեւ նա­խաձեռ­նութեան կազ­մա­կեր­պիչ մարմինին յա­ջող աշ­խա­տան­քը, որ հա­կառակ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզին վրայ տի­րող պա­տերազ­մա­կան թէժ կա­ցու­թեան՝ յաջողած էր մի­ջազ­գա­յին լրա­տու ­միջոց­նե­րու ու­շադրու­թիւնը հրաւիրել Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի հար­ցերուն վրայ, Փա­րիզի՛ մէջ։ Այս առ­թիւ կա­րեւոր է նշել հան­դի­պու­մին մաս­նա­կից վերոնշեալ երեք հրա­ւիրեալ­նե­րու մաս­նա­գիտա­կան պատ­րաստու­թիւնը եւ անոնց վեր­լուծու­թիւննե­րու բարձր որա­կը։ 

Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ձա­խողու­թեան ու­սումնա­սիրու­թիւնը ան­հրա­ժեշտ է, Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ Հա­յաս­տա­նի աշ­խարհա­քաղա­քա­կան դե­րակա­տարու­թեան ներկայի ռազ­մա­վարու­թիւնը գնա­հատե­լու հա­մար։ Տա­րածաշրջա­նային երեք կայսրու­թիւննե­րու մի­ջեւ կանգնած, քա­ղաքա­կան նոր ինքնուրոյն, ինքնիշ­խան ու­ղե­գիծ մը որո­նելու գոր­ծընթա­ցին լծուած, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն պայ­քա­րը ան­տարբեր չի ձգեր մի­ջազ­գա­յին դե­րակա­տար­նե­րը, թէ՛ ռուս-ուքրանա­կան պա­տերազ­մին, թէ՛ ալ Իս­րա­յէլ-Պա­ղես­տին պա­տերազ­մին ծի­րերէն ներս, ուր մէկ կող­մէն՝ Հա­յաս­տան–Ռու­սաստան–Արեւ­մուտք լա­րուած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը եւ միւս կող­մէն՝ Հա­յաս­տան–Իրան–Ազեր­պայ­ճան–Իս­րա­յէլ տագ­նա­պալի կա­պերը Հա­յաս­տա­նը ան­մի­ջակա­նօրէն կ՚առնչեն մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան հե­տաքրքրու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ կա­րեւոր ցու­ցիչ է անոր ամ­բողջո­վին Ռու­սաստա­նի են­թա­կայ պե­տու­թիւն ըլ­լա­լու կար­գա­վիճա­կէն ձեր­բա­զատման առումով։

Արեւմտեան պե­տու­թիւններ ճնշում կը բա­նեց­նեն Ազեր­պայճա­նի վրայ որ մին­չեւ COP29-ի վեհա­ժողո­վը Հա­յաս­տա­նի հետ կնքէ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագիր, որուն կ՚ընդդի­մանան Ռու­սաստան, Ազեր­պայճան եւ Թուրքիա, սպա­սելով աւե­լի յար­մար առի­թի, Ռու­սաստա­նի վե­րահսկո­ղու­թեան ներ­քոյ՝ «Զան­գե­զուրի մի­ջանցք»-ի բա­ցու­մը ձեռք ձգե­լու համար։ Ան­կաս­կած ԱՄՆ-ու ընտրու­թիւննե­րը տա­րա­ծաշրջա­նին քա­ղաքա­կան հո­լովոյ­թին պի­տի տան որո­շիչ ուղղու­թիւն մը։

 

Ժ.Չ.