image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ապատեղեկատուութեան Արշաւը Որպէս Նախընտրական Գործիք

Խմբագրական  «Մասիս»ի. Ապատեղեկատուութեան Արշաւը Որպէս Նախընտրական Գործիք

Ամբողջ աշխարհի տարածքին պետութիւններ ու հասարակութիւններ դէմ յանդիման կը գտնուին համացանցի ու ընկերային տարբեր հարթակներու միջոցաւ տարածուող ապատեղեկատուութեան երեւոյթներուն, որոնք շատ յաճախ կը սպառնան երկիրներու ազգային անվտանգութեան:

Վերջերս համացանցի վրայ տարածուեցաւ լուր, թէ Վրաստանի իրաւապահները  յայտնաբերած են Թուրքիոյ մէջ տպագրուած 100 հազարաւոր հայկական կեղծ անձնագրեր: Այս տեղեկութիւնը տարածած էր նաեւ նախկին իշխանութիւններուն օրով Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը վարած անձնաւորութիւն մը, որ ունենալով համապատասխան փորձառութիւնը պէտք էր կարողանար ստուգել լուրի ճշմարտութիւնը, նախքան իր անձնական էջին վրայ զայն տեղադրելը:

Նախարարի գրառումը համացանցէն անցնելով ընդդիմադիր գլխաւոր լրատուամիջոցներու էջերուն վրայ կը պնդուէր, որ այդ անձնագրերը նախատեսուած էին 2026-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները կեղծելու համար:

Հայաստանի մէջ գործող «Փաստերի Ստուգման Հարթակը», որ կը նկատուի լուրերու վաւերականութիւնը հսկող  ամենէն վստահելի աղբիւրը եւ որ հաւասարապէս կը  բացայայտէ բոլոր կողմերու հրապարակած անճշդութիւնները, վրաստանի  պաշտօնական մարմիններուն հետ կապուելով եկաւ հաստատելու, որ այդ լուրը ամբողջութեամբ կեղծ է ու ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ:

Այս օրինակը ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ ապատեղեկատուութեան տարածման արշաւի ընթացքին, յատկապէս որ Հայաստան կը թեւակոխէ նախընտրական շրջան ու նման երեւոյթներ աւելի ու աւելի յաճախակի պիտի դառնան` քաղաքական նպատակներու հասնելու համար:

Այս ուղղութեամբ գլխաւոր մտահոգութիւնը կու գայ Ռուսաստանէն, ուր կը գործէ յատուկ սպասարկութիւն` ապատեղեկատուութիւն տարածելու միջոցաւ տարբեր երկիրներու մէջ կայացող ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու նպատակով: Գաղտնիք չէ, որ Ռուսաստան լաւ աչքով չի նայիր Փաշինեանի կառավարութեան ու կը  նախընտրէ Հայաստանի մէջ տեսնել իրեն աւելի մօտ ու հաւատարիմ իշխանութիւն մը: Յառաջիկայ ընտրութիւններուն առթիւ Մոսկուան պիտի փորձէ օգտակար հանդիսանալ ընդդիմադիր ուժերուն` Հայաստանի հասարակութեան մօտ ստեղծելով ժխտական տրամադրութիւններ` կառավարութեան ու իշխող ուժին նկատմամբ:

Ի տարբերութիւն մենատիրական երկիրներուն, ուր պետութիւնը խստօրէն կը վերահսկէ համացանցը, Հայաստան որպէս ժողովրդավար ու ազատ երկիր, սահմանափակումներ չէ հաստատած համացանցի վրայ եւ անհատներ, կազմակերպութիւններ, ներքին ու արտաքին թշնամիներ ազատօրէն կը գրեն ու կը խօսին տեղի ունեցող իրադարձութիւններու ու ղեկավարութեան անձնական կեանքի մասին:

Մինչեւ օրս կարելի չէ եղած առաջքը առնել համացանցի միջոցաւ լայն տարածում գտնող անճշդութիւններուն: Ոչ միայն կարելի չէ եղած« այլ սկսած է աւելի վտանգաւոր բնոյթ ստանալ` արհեստական բանականութեան հրապարակ գալէն ասդին: Այդ միջոցաւ ստեղծուող տեսաերիզները կու գան պղտորելու իրականութեան ու կեղծիքի միջեւ մարդոց պատկերացումները:

Ապատեղկատուուական արշաւը, որքանո՞վ պիտի ազդէ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, մեծապէս կախեալ է ժողովուրդի գիտակցութենէ ու ճիշդը  սուտէն զանազանելու կարողութենէն: Այս ուղղութեամբ մեծ աշխատանք ունին կատարելիք անկախ լրատուամիջոցներն ու հասարակական կազմակերպութիւնները` հակազդելու ու իրազեկելու  համար ժողովուրդին ու այդպիսով պաշտպանելու ընտրութիւններու ազատութիւնն ու արդարութիւնը:

 

Գրիգոր Խոտանեան 
«Մասիս»

10/16/2025