Այժմէական խնդիրը միակողմանի զիջումներով ընթացող սահմանազատումն է: Աւելի համընդհանուր առումով, Անկախութեան հռչակագիրին, հետեւաբար նաեւ մայիսքսանութեան աւանդութիւնները չյարգելու, անտեսելու եւ զանոնք իրաւականութենէ զրկելու հակապետական մոօտեցումներու մասին է խօսքը:
Անկախութեան հռչակագիրը կը պարտադրէ, որ հայութիւնը վերակերտէ 1918-ի հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ ղեկավարութիւն, որ տէր կանգնի Անկախութեան հռչակագիրի իւրաքանչիւր առաջադրանքին եւ ատով իսկ իրականացնէ մայիս 28-ի ժողովրդավարական աւանդոյթները:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրին բանաձեւած առաջադրանքներուն շարքին նշուած է` «Զարգացնել 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները»:
Այս պարզ ու ամփոփ բանաձեւը գաղափարաքաղաքական ընկալումով խորիմաստ նշանակութիւն ունի: Վերանկախացող Հայաստանը այս առաջադրանքով կ՛ընդունի մայիս 28-ով ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական էութիւնն ու դիմագիծը եւ կ՛առաջադրէ զարգացնել անոր հիմնած ու կիրարկած ժողովրդավարական կարգերն ու ժողովրդավարական մշակոյթը:
Առաջին մտածումը` պատմական այս ճշմարտացիութեան, կ՛առաջնորդէ մտաբերելու քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կամ, աւելի ճիշդ, այն օրհասական պայմանները, որոնց մէջ հիմնուեցաւ մեր հանրապետութիւնը: Անձեւ քաոս: Անձեւ քաոսը վերածել պետութեան, հանրապետութեան եւ վերածման` այդ բոլոր գործողութիւններուն մէջ կիրարկել ժողովրդավարութիւն: Կազմակերպել ընտրութիւններ, ձեւաւորել խորհրդարան, յարգել բազմակարծութիւնը, զարկ տալ ազատ մամուլին, խօսքի ազատութեան, ունենալ ընդդիմութիւն, կազմել համախոհական կառավարութիւն, տարբեր փուլերու ձեռնարկել խորհրդարանական ընտրութիւններու:
Ժողովրդավարութիւնը միայն ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն չի վերաբերիր: Մշակոյթ է, քաղաքակրթական մակարդակ նոյնիսկ, յարգելու մարդու իրաւունքները եւ մանաւանդ հաշուի նստելու ժողովուրդի կողմէ հանրահռչակուած սկզբունքներուն, այս պարագային` Անկախութեան հռչակագիրին իւրաքանչիւր տարրին ու ոգիին հետ:
Յարգել մայիս 28-եան աւանդութիւնները` կը նշանակէ այդ աւանդութիւններու հարազատ մնալու հռչակագրային-սահմանադրական յանձնառութիւն ամրագրած գաղափարական եւ իրաւական փաստաթուղթերը:
Անկախութեան հռչակագիրը ունի իրաւական ուժ, որովհետեւ սահմանադրութիւնը իր նախաբանով յղում կը կատարէ անոր: Հետեւաբար այնտեղ բանաձեւուած սկզբունքներուն շուրջ պայքար յայտարարելը աներկբայօրէն կը մեկնաբանուի հակասահմանադրականութեամբ եւ հետեւաբար` հակապետականութեամբ:
Եթէ Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի Արցախի վերամիաւորման մասին, ուրեմն Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունիլը հակասահմանադրական մօտեցում է:
Եթէ Անկախութեան հռչակագիրը կէտ ունի համայն հայութեան իղձերու իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման մասին, ուրեմն պատմական Հայաստանի յղացքէն հրաժարիլը հիմնովին հակասահմանադրական քայլ կը համարուի:
Սահմանադրական դատարանը բողոք ստանալու պէտք չունի բարձրագոյն ատեաններէ հնչած այս հակապետական յայտարարութիւններուն արձագանգելու եւ իրաւական համապատասխան քայլերու դիմելու համար: Որովհետեւ նոյն Հռչակագիրի 9-րդ կէտին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր տարածքին մէջ կ՛ապահովէ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատում: Այս հաստատութիւններուն համատեղումը միակուսակցականութեան մէջ` կոպտօրէն խախտում է Հռչակագիրին, առ այդ սահմանադրութեան:
Տակաւին, սահմանադրութեան յօդուած 13-ը կ՛ամրագրէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է կեդրոնին` վահանի վրայ, պատկերուած Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով,- պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւններու զինանշանները:
Ինչպէ՞ս ուրեմն պէտք է բնութագրել Արագածի հակադրումը Արարատին կամ պատմական Հայաստանի հակադրումը` իրական Հայաստանին: Դժուար է հակասահմանադրական չորակելը սահմանադրութեան 13-րդ յօդուածը ոտնահարող յայտարարութիւնները:
Այժմէական խնդիրը միակողմանի զիջումներով ընթացող սահմանազատումն է: Աւելի համընդհանուր առումով, Անկախութեան հռչակագիրին, հետեւաբար նաեւ մայիսքսանութեան աւանդութիւնները չյարգելու, անտեսելու եւ զանոնք իրաւականութենէ զրկելու հակապետական մոօտեցումներու մասին է խօսքը:
Անկախութեան հռչակագիրը կը պարտադրէ, որ հայութիւնը վերակերտէ 1918-ի հանրապետութեան իրաւաժառանգորդ ղեկավարութիւն, որ տէր կանգնի Անկախութեան հռչակագիրի իւրաքանչիւր առաջադրանքին եւ ատով իսկ իրականացնէ մայիս 28-ի ժողովրդավարական աւանդոյթները:
«Ազդակ»