Միջազգային իրաւունքի այն բոլոր կէտերն ու դրոյթները, որոնք տեղ գտած են Երեւանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, սկզբունքով կիրարկելի էին Արցախի պարագային:
Այս հանգամանքները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ «երկու պետութիւն» բանաձեւի ընդունման կամ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումի պարագաներուն: Ի վերջոյ երկու պետութիւնը կամ ճանչցուող պետութիւնը հիմնուած է ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Միջազգային իրաւունքի սկզբունք մը, որ Արցախի պարագային շրջանցուեցաւ միջազգային ընտանիքին կողմէ. ցաւօք նաեւ հայկական կողմէն:
Երեւանի կողմէ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու որոշումը կը դիտարկուի միջազգային ընտանիքին մէջ արծարծուող երկու պետութիւն բանաձեւի շրջանակներուն մէջ:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կան բաղադրիչներ, որոնք կ՛ընդգծեն կողմերուն նկատմամբ հաւասար հեռաւորութիւն պահելու կանոնի գործադրութիւնը: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, քաղաքացիական բնակչութեան դէմ բռնութիւնները եւ քաղաքացիական անձերու պատանդառումն ու գերեվարումը դատապարտելը կամ այս վերջիններուն ազատ արձակումը պահանջելը հակամարտող երկու կողմերուն կրնայ ուղղուած ըլլալ:
Անյապաղ զինադուլի հաստատման պահանջը, որ օրինաչափ պահանջ է, անշուշտ երկկողմանի մեկնաբանութիւն կրնայ ստանալ: Խնդիրը զինադուլի պայմաններուն շուրջ անհամաձայնութիւնն է, եւ իւրաքանչիւր կողմ դիմացինին վրայ կը տեղադրէ զինադուլին չհամաձայնելու պատասխանատուութիւնը: Ի դէպ, Միացեալ Նահանգները Թել Աւիւին վրայ ճնշում բանեցնելով հանդերձ Համասը նկատեցին պատասխանատու զինադուլին պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւնը ուշացնելու առումով:
Երկու պետութիւն բանաձեւին նկատմամբ համաձայնութիւն յայտնելով` Երեւանը անհրաժեշտ նկատած է, որ այս բանաձեւի իրականացումը առիթ կու տայ, որ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերը հաւասարապէս հասնին իրենց օրինական պահանջներուն:
Ամէնէն դիտարժանը հաղորդագրութեան եզրակացութիւնն է. «Մեկնելով վերոնշեալէն եւ վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին եւ ժողովուրդներու հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան ու խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներուն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը»:
Եթէ պահ մը շրջանցենք առիթը, ապա այս ձեւակերպումները կարելի էր տալ Արցախի նկատմամբ, ընդգծելով միջազգային իրաւունքի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը: Երեւանը այդ սկզբունքներու կիրարկումը չէր ուզած տեսնել, երբ հայկական կողմը ներկայացնողը կ՛ընդունէր Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:
Վերը նշուածները կրնային վերաբերիլ Ազրպէյճանին, բռնութիւններ իրականացնելու, քաղաքացիներ պահելու-գերեվարելու- պատանդառելու առումով: Եւ մանաւանդ միջազգային իրաւունքը ոտնահարելու փաստերով:
Հիմա գանք կողմերուն միջեւ հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու կանոնին: Կողմերէն պաղեստինեանը չզօրակցեցաւ Արցախի ժողովուրդին կամ չդատապարտեց Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը: Միւս կողմը` Իսրայէլը խորացուց իր ռազմական գործակցութիւնը Պաքուի հետ, մասնակցութիւն ունեցաւ պատերազմին եւ իր ռազմական յենակէտերը տեղադրեց հայկական Արցախի տարածքներուն վրայ: Այս բոլորով նպաստեց Արցախի ամբողջական հայաթափումին:
Հաւասար հեռաւորութեան կանոնը չ՛արդարացուիր: Սակայն պէտք է ընկալել այն, որ ճանաչումը ինքնին կը խախտէ հաւասարութեան կանոնը, այն պատճառով, որ Իսրայէլ դէմ է երկու պետութիւն բանաձեւին: Այս բանաձեւը միջազգային հնչեղութիւն կ՛ունենայ հետզհետէ: Երանգային տարբերութիւնը այն է, որ պետութիւններ կ՛առաջադրեն երկու պետութիւն բանաձեւը, սակայն պաշտօնապէս չեն ճանչնար տակաւին պաղեստինեան պետութիւնը:
Յիշենք, որ պաղեստինեան պետութիւնը չզօրակցեցաւ Արցախի ժողովուրդին: Չդատապարտեց նաեւ Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը: Իսրայէլը սակայն ուղղակի մասնակցեցաւ պատերազմին, իբրեւ Ազրպէյճանի ռազմական գործընկերը եւ հայկական Արցախի տարածքներուն վրայ տեղադրեց ռազմական յենակէտեր:
Միջազգային իրաւունքի այն բոլոր կէտերն ու դրոյթները, որոնք տեղ գտած են Երեւանի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, սկզբունքով կիրարկելի էին Արցախի պարագային:
Այս հանգամանքները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ «երկու պետութիւն» բանաձեւի ընդունման կամ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումի պարագաներուն: Ի վերջոյ երկու պետութիւնը կամ ճանչցուող պետութիւնը հիմնուած է ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Միջազգային իրաւունքի սկզբունք մը, որ Արցախի պարագային շրջանցուեցաւ միջազգային ընտանիքին կողմէ. ցաւօք նաեւ հայկական կողմէն:
«Ազդակ»