image

Խմբագրական «Ազատ օր»ի. Պահպանել յունահայ գաղութի պատմական հարուստ շտեմարանը

Խմբագրական «Ազատ օր»ի. Պահպանել յունահայ գաղութի պատմական հարուստ շտեմարանը

Շաբաթ, 25 Մարտին, յունահայ գաղութի պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ կարեւոր անկիւնադարձ մը։ 100 տարի առաջ, 25 Մարտ 1923-ին լոյս տեսած «Նոր Օր» օրաթերթի առաջին թիւին հրատարակութեան պատմական օրն էր, որ յատկանշեց յունահայ մամուլի նոր դարաշրջանի մը բացումը, մանաւանդ երբ հսկայական զանգուածները Փոքր Ասիայէն հազիւ ապաստան գտած էին Յունաստանի հիւրընկալ ափերը։

Թերթը հրամայական անհրաժեշտութիւն մըն էր՝ տարագիր հայութիւնը ի մի բերելու եւ աստիճանաբար գաղթականութեան ցիր ու ցան բեկորները կազմակերպուած հաւաքականութեան մը վերածելու նպատակին համար։ «Նոր Օր»-ը շատ արագ գտաւ լայն ընդունելութիւն՝ ոչ միայն Աթէնքի ու շրջակայ տարածքները հաստատուած հայութեան մէջ, այլեւ իւրաքանչիւր քաղաքէն ներս, ուր հայութիւնը ժամանակաւոր կամ մնայուն կայք հաստատած էր։ Թերթը դարձաւ իրար կապող, իրար ամբողջացնող այն միջոցը, որուն մէջէն յունահայ գաղութը ստացաւ իր ուրոյն դիմագիծը եւ հաւաքական կազմակերպ պատկերը։

Երկար գրուած է «Նոր Օր»-ի հիմնադիրներուն, աշխատողներուն, անոր անխափան հրատարակութիւնը երաշխաւորած դաշնակցական մարմիններուն եւ գործիչներուն դերակատարութեան մասին։ Անոնցմէ ոմանք շարունակեցին իրենց նուիրական աշխատանքը նաեւ «Ազատ Օր»-ի կազմէն ներս, եւ «Նոր Օր»-ի ժողովրդականութիւնն ու կշիռը սրսկեցին 1945-էն սկսեալ հրատարակուող «Ազատ Օր»-ին մէջ եւս, մեր թերթը արժանի յաջորդը դարձնելով հայ մամուլի անդաստանէն ներս։ 

«Նոր Օր»-ը յունահայ գաղութի վերջին 100 տարուան պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր եւ անկիւնադարձային ժամանակահատուածին պատմական վկայախօսը կը հանդիսանայ։ Իր հրատարակութեան 18 տարիները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ՝ Սփիւռքի կազմաւորման ընթացքին յունահայ պատկերին ամբողջացման հարազատ աղբիւրը, սփիւռքահայ նոր կեանքի պատմական, քաղաքական, մշակութային ու ընկերային զարգացումներու հայելին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան խօսքն ու դերակատարութիւնը հայ մարդուն մէջ մարմնացնելու ու արմատաւորելու բեմը, նոյնիսկ խորհրդայնացած հայրենիքի վառ ապրումները պահող պերճախօս վկան։ 

100 տարի անցած է առաջին թիւէն, իսկ թերթի հրատարակութեան 18 տարուան թիւերը արդէն դեղնած ու մաշումի վտանգին մէջ ինկած են։ Ուշադրութեամբ պէտք է դարձնել իւրաքանչիւր էջ, այլեւս ոչնչանալու աստիճանին հասած իրենց տեսքով։ Հրամայական դարձած է անոնց թուայնացումը, որ պիտի փրկէ պատմական հարուստ շտեմարանը անվերադարձ կորուստէ։ 

Թուայնացումը ինքնին մեծ պահանջներ ներկայացնող աշխատանք մըն է։ Սկսելով յատուկ մասնագիտական սարքերու ապահովումէն մինչեւ մարդուժի կարգաւորումն ու լուսանկարումը, անկէ ետք համակարգչային մասնաւոր ծրագիրներու միջոցով լուսանկարուած էջերը մէկ առ մէկ թուայնացնելու, ընթերնելի ու գործածելի վիճակին բերելու գործընթացը, նիւթական կարեւոր աղբիւրներու կը կարօտի։

Հոս կարեւորութեամբ պէտք է նշել, թէ Կիւլպէնկեան հաստատութեան եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին միջեւ գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ, կատարուեցաւ կարեւոր ներդրում մը լուսանկարչական ու համակարգչային սարքերու ապահովման եւ լուսանկարման աշխատանքը ի գործ դնելու կապակցութեամբ, որով հնարաւոր կը դառնայ թուայնացնել գաղութի արխիւային հարստութիւնը, մամուլը եւ պատմական գանձարանը։ Այս ծրագիրի իրականացման ճամբուն վրայ, թուայնացած նիւթերը աստիճանաբար հասանելի պիտի դառնան համացանցին մէջ՝ հետաքրքրուողներուն եւ պատմական հետազօտութիւններ կատարողներուն համար։ Ուրախ ենք յայտնելու, թէ այս աշխատանքի ծիրէն ներս, արդէն կարողացանք լուսանկարել «Նոր Օր»-ի առաջին հատորը եւ անոր կարգ մը հիւծած էջերու պարունակութիւնը փրկել ամբողջական կորուստէ։

Աշխատանքը երկար վազքի վրայ պիտի կատարուի։ Մնացեալ 17 հատորներու լուսանկարումը կը կարօտի ժամանակի ու բծախնդիր գործի։ Երկարաշունչ եւ պահանջկոտ աշխատանք մըն է, որ առանց հաւաքական ներդրումի, անհնար կ՚ըլլայ իր աւարտին հասցնել։

Վստահ ենք, որ հայ մամուլի հետեւորդները եւ մանաւանդ մեր թերթի ընթերցողները կարեւորութեամբ պիտի ընկալեն այս հսկայ աշխատանքի տարողութիւնն ու պահանջները եւ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ՝ պիտի սատարեն «Նոր Օր»-ի հրամայական եւ անյետաձգելի թուայնացման ծրագիրին։

Միայն հաւաքական ներդրումով կարելի պիտի ըլլայ փրկել յունահայ գաղութի գանձերը։ Անոնք սոսկ արձանագրութիւններ չեն, այլ կը հանդիսանան մեր պատմութեան անչափելի եւ անգնահատելի ժառանգութեան շտեմարանը՝ գալիք սերունդներուն համար։