Դ.- Դժուար Սահմանելին (Հայկական Դիտանկիւնէ)
Ի՞նչն է, որ դժուար սահմանելի է: Սփիւռքը: Ինչո՞ւ:
Թէօլէօլեանի ակնարկութեամբ եւ իրողապէս, շատ հայեր դիւրին կը գտնեն սահմանել սփիւռքը, քանի որ զայն կը հասկնան որպէս երեւոյթ մը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու սերունդներէն կազմուած է (այս հասկացողութիւնը պիտի կազմուէր անցեալ դարու 30-ական թուականներէն` ըլլալով իբրեւ անուանում մը «ի սփիւռս աշխարհի» գաղութներու ամբողջութեան, եւ կը տեւէ): Կը հասկնան` որպէս ցիր ու ցան, այլ երեւակայականօրէն միաամբողջ հայութիւն, որ ստիպողաբար իր հայրենիքէն դուրս կ՛ապրի` իբրեւ հետեւանք օսմանեան Թուրքիոյ իր հայ քաղաքացիներու բնաջնջումին, ու անոնց հողերու ու սեփականութիւններու բռնագրաւման, ուստի` նաեւ տարագրումին: Ասիկա սփիւռք երեւոյթի դասական սահմանումն է, ըստ որուն, ջարդերու, կամ բնաջնջումի եւ արմատախլման ու տարագրութեան բրտութիւններ են, կամ մեծ աղէտներ կամ արհաւիրքներ են պատճառները որեւէ սփիւռքի: Դասական է, որովհետեւ երեւոյթին առաջին օրինակներուն (հրէական, յունական, հայկական) սփռուելու պատմութիւնները այնպիսի բրտութիւններ ունին իրենց կազմութեան հիմքին մէջ: Անշուշտ հասկացողութիւնը չունէր, չէր կրնար ունենալ իր «դասական»-ութեան միտքը, քանի որ տարակարծութիւններու հովը դեռ չէր ելած ու փչած: Իսկ հովին ելլելէն ու փչելէն ետք ալ ինք իր դռները, փեղկերն ու պատուհանները փակ տան մէջ ապահով էր եւ է:
Բայց սփիւռք երեւոյթը սահմանելը դժուարացած է ժամանակէ մը ասդին: Բազմաթիւ դրդապատճառներով աննախընթաց արագութեամբ զանգուածներու իրենց հայրենիքներէն դուրս տեղաշարժները, զանգուածներու կամ ընկերային զանազան ու զարմանազան խմբակցութիւններու ինքնանուաճումները կամ մասնագէտներու կողմէ անուանումները իբրեւ «սփիւռք» եւ հաղորդակցութեան միջոցներու արագընթաց բազմացումը դուռեր, փեղկեր եւ պատուհաններ բացած են տարակարծութիւններու հովին ու շփոթին:
Բաղդատական սփիւռքագիտութեան մէջ ընդհանրապէս մասնագէտներ կը համաձայնին միայն մէկ սահմանումի, ըստ որուն, սփիւռքները կը բաղկանան ժողովուրդներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ո՛չ միայն մեծ աղէտի պատճառով, այլ որեւէ տարբեր պատճառով կամ նպատակով ցրուած է ու իր հայրենիքէն դուրս կ՛ապրի, կը փորձէ հաւաքական ինքնութիւն մը պահել, նաեւ պահպանել կապ մը` իր հայրենիքին հետ: Այս համաձայնութիւնը, սակայն, բանավէճին լուծումը չէ, այլ «սկիզբն է բանավէճի, եւ ոչ թէ` աւարտը», գրած է Թէօլէօլեան, եւ կատարած` հետեւեալ հարցադրումները. «Սփիւռքներ, ինչպէս հայկականը, որ յայտնապէս Ցեղասպանութեան աղէտին մէջ ծնած է 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, ինչպէս հրէականը, որ ծնած է հռոմէացիներուն կողմէ անցեալի Իսրայէլին կործանմամբ, բաղդատելի՞ են, օրինակ, հնդկական սփիւռքին հետ (արդեօք հարցումը պէտք չէ՞ դրուէր շրջուած կարգով, այսինքն հնդկական սփիւռքը բաղդատելի՞ է հայկականին եւ հրէականին հետ. շրջուած, որովհետեւ անոնք համարուած են «դասական» տիպարներ), որ վաղ 19-րդ դարէն սկսած է` իբրեւ հետեւանք աշխատանքային արտագաղթի (labor emigration): Նկատի ունենալով պատմականօրէն անվիճելի իրողութիւնը, թէ հարիւր հազարաւոր հայեր եւ հրեաներ նախքան մեծ աղէտի մը հարուածը` հայրենիքէն դուրս ապրած են կազմակերպուած համայնքներով, կարելի՞ է ըսել, թէ չկային հրէական կամ հայկական սփիւռքներ իրենց աղէտահարուելէն առաջ: Գնչուները սփի՞ւռք մըն են, երբ չունին սկզբնական աղէտի մը կամ հայրենիքի մը հետ կապի զգացումը, սակայն ցրուածութեան մէջ հաւաքական զօրաւոր ինքնութիւն մը կանգուն կը պահեն: Ասոնք կը թուին ակադեմական հարցումներ ըլլալ, բայց հայ սփիւռքի անցեալին, ներկային եւ ապագային վրայ որեւէ լուրջ քննարկում` ստիպողութեան առջեւ է անոնցմով զբաղելու»: Այս հարցադրումները, իրենց կարգին, ունին իրենց «մասամբք սոցին»-ը. օրինակ` եթէ հայ սփիւռքը սահմանուի իբրեւ յետցեղասպանութեան երեւոյթ, ապա կարելի՞ է Իրանի հայութիւնը ներառել անոր մէջ, քանզի անոնցմէ շատերը սերունդներն են անոնց, որոնք վերապրեցան շահաբասեան «բնաջնջում»-էն եւ տարագրութենէն, 1603-4-ին, իսկ ոմանք ալ` մնացորդները Պարսկաստանի մաս դարձած երբեմնի Հայաստանի Խոյ կամ Սալմաստ շրջաններու բնակիչներուն, շարունակեցին դիմանալ. եւս օրինակ` խորհրդահայերը եւ յետխորհրդային միլիոնաւոր հայերը, որոնք հեռացան Հայաստանէն 1970-ական թուականներու կէսերէն, սփի՞ւռք մը կը կազմեն, թէ՞ պարզապէս այլ երկիրներու (ինք գործածած է «overseas» բառը, որ «ծովերէն անդին» կը նշանակէ, եւ հաւանաբար նկատի ունեցած է ամերիկեան եւ աւստրալիական ցամաքամասեր հասնողները) քաղաքացիներ են: Եւ տակաւին` ի՞նչ ըսել հարիւր հազարաւոր հայերուն մասին, որոնք 1915-էն առաջ ապրեցան Թիֆլիսի, Աստրախանի, Մատրասի, Կալկաթայի, Ռոստովի, Մոսկուայի եւ Պոլսոյ մէջ:
Պատասխանը, ըստ մասնագէտներու մեծամասնութեան, «Այո՛» է: Բայց ասիկա ընդունելու պարագային` ի՞նչ ըսել սփիւռքեան ինքնութեան համար` հայերու մեծամասնութեան համաձայն Ցեղասպանութեան «որոշադրիչ դեր»-ին մասին: Ի՞նչ կրնայ պատահիլ այսպիսի ինքնութեան մը, եթէ Թուրքիան ընդունի գործուած ոճիրը, եւ Հայաստանը վերածուի ծաղկող հայրենիքի. հայ սփիւռք մը պիտի շարունակէ՞ գոյութիւն ունենալ:
Թէ՛ կանխող եւ թէ՛ «մասամբք սոցին»-ի հարցադրումները ցոյց կու տան սահմանումին դժուարութիւնը: Իսկ ինք` սփիւռքագէտը, ո՞ւր գտնուած է: Հարցադրումներու առկախումի՞ն մէջ, թէ՞ պատասխաններ տուած է: Մէկ առ մէկ առնեմ զանոնք, թէեւ` առանց ամբողջական լուսաբանման, որովհետեւ ամբողջականը հետագայ մասերով պիտի ամփոփուի:
Սկսիմ` նախ վերյիշեցնելով «սփիւռք» յղացքին համար իր առաջարկած «անուանական»-ի եւ «իրական»-ի բացատրութիւնը, զոր քաղեցի նախապէս: Ապա`
1.- «Սփիւռքներ, ինչպէս հայկականը (…), որ յայտնապէս Ցեղասպանութեան աղէտին մէջ ծնած է 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան», գրած է: «Յայտնապէս»-ը արդէն յստակօրէն կ՛ըսէ, որ, ըստ իրեն, հայ սփիւռքը կամ ժամանակակից հայ սփիւռքը իրեն մեկնակէտ ունի Ցեղասպանութեան աղէտը: Ուստի բաղդատելի չէ «աշխատանքային սփիւռք»-ի որեւէ օրինակի հետ: Ասիկա չի նշանակեր, թէ «աշխատանքային»-ները կամ միւսները սփիւռքներ պէտք չէ համարուին, այլ պարզապէս բնորոշուին որպէս այլատիպ: Ինք չէ սահմանափակած հայ սփիւռքի իր սահմանումը Ցեղասպանութեան դէպքով: Ժամանակակից հայ սփիւռքը լինելութիւն մըն է, լինելակերպ մըն է: Նիկողոս Սարաֆեան «Անջրպետի մը գրաւումը» փոխաբերութիւնը գործածած է: Ըսենք` սփիւռքը անջրպետ մըն է: Թէօլէօլեան չէ ունեցած յաւակնութիւնը սփիւռք-անջրպետը գրաւելու (անկասկած, Սարաֆեանն ալ չէր ունեցած, այլ պարզապէս ըսել ուզած էր, որ սփիւռքեան լինելութիւնը այնպիսի անսահման մարտահրաւէրի առջեւ է), սակայն խորհած է բովանդակալից, ինքնանորոգ եւ մշտանորոգ ընթացումի մը անհրաժեշտութեան մասին: Ասոր պիտի անդրադառնամ ետքը:
2.- Գրած է. «Նկատի ունենալով պատմականօրէն անվիճելի իրողութիւնը, թէ հարիւր հազարաւոր հայեր (…) նախքան մեծ աղէտի մը հարուածը` հայրենիքէն դուրս ապրած են կազմակերպուած համայնքներով, կարելի՞ է ըսել», թէ չկար հայկական սփիւռք իր «աղէտահարուելէն առաջ»: Հարցումը հռետորական է: Անշուշտ որ կար: Թէօլէօլեան այն կարծիքին է, թէ հայ սփիւռքը պատմութեան «թատերաբեմին հասած է 1045-էն, Բագրատունեաց անկումէն ի վեր, եւ արտագաղթի բազմաթիւ ալիքներով` «վերանորոգուած»»:
3.- «Գնչուները սփի՞ւռք մըն են, երբ չունին սկզբնական աղէտի մը կամ հայրենիքի մը հետ կապի զգացումը, սակայն ցրուածութեան մէջ հաւաքական զօրաւոր ինքնութիւն մը կանգուն կը պահեն»: Թէօլէօլեանի մօտ պատասխանը յստակօրէն կայ. սփիւռք մը միայն ինքնութենական երեւոյթ չէ. ինքնութիւնը բաղադրիչ մըն է, թէեւ` հիմնական, սփիւռքի մը: Նոյնպէս` հայրենիքի հետ կապի զգացումը: Լոկ ինքնութեան գիտակցութիւն մը չի բաւեր սփիւռք ըլլալու:
4.- 1603-4 դէպքին պատճառով յառաջացած պարսկահայութիւնը մաս կը կազմէ՞ հայ սփիւռքին: Չեմ դներ Խոյ եւ Սալմաստ, կամ հայոց պատմական հողերու այլ բնակիչներուն հարցը, որովհետեւ ներկայիս արդէն Խոյի մէջ հայ չկայ, իսկ Սալմաստի մէջ ալ կայ միայն երկու ընտանիք` երկուքական անդամով (խոեցիներէն եւ սալմաստցիներէն շատեր Թեհրան հասած, կամ հայրենադարձ եղած են նախ 1938-9-ին, ապա` 1946-7-ին եւ 1962-ին): Հարցումը, որ կը ծագի, սա է, թէ հայ սփիւռք հասկացողութիւնը միայն պատմական դէպքերո՞վ սահմանելի ներկայ մըն է, թէ պատմական դէպքերէն անդին` նոր իրողութիւն մըն է նաեւ: Ինք գրած է. «Սփիւռքը այն հաւաքականութիւնն է, որ հիմնականօրէն բազմակենցաղ է, բազմավայր եւ անդրտեղային, կապուած` մէկէ աւելի աշխարհագրական վայրերու, միանգամայն տեղացի եւ ոչ տեղացի (…), ազգային է եւ… անդրազգային»: Առաւել, Թէօլէօլեան սփիւռքացման իր տեսութիւնը տարած է անդին, քան` անդրազգայինը:
5.- «Խորհրդային եւ յետխորհրդային միլիոնաւոր հայերը, որոնք հեռացան Հայաստանէն 1970-ական թուականներու կէսերէն, սփի՞ւռք մը կը կազմեն»: Ըստ իրեն, սփիւռք մը կը կազմեն, բայց` անդրազգային սփիւռք մը, որուն միացած է յետխորհրդային Հայաստանի անկախացումէն ետք ժամանածներու ցրօնքը:
6.- «Ի՞նչ ըսել հարիւր հազարաւոր հայերուն մասին, որոնք 1915-էն առաջ ապրեցան Թիֆլիսի, Աստրախանի, Մատրասի եւ Կալկաթայի, Ռոստովի, Մոսկուայի եւ Պոլսոյ մէջ»: Տեսած է որպէս գաղթականական սփիռքավայրեր:
Արդ, դժուար սահմանելի ըլլալը հայ սփիւռքին, ինչպէս այլ սփիւռքներու, գացած ու մտած է բիւզանդական բանավէճերու տեսակէն եզրաբանական տարակարծութիւններուն cul-de-sac-ը: Սակայն պարզ է մէկ բան, սփիւռքացման տրամաբանութիւնը կը դիմէ անդին, քան` գաղութացման տրամաբանութիւնը. անկէ վերջ է: Ստանձնումի յարափոփոխ տեղերու, կացութիւններու եւ կեցութիւններու մէջ:
Երբ ստանձնում չկայ, սփիւռքացում չկայ: Կան միայն ձուլուող գաղութներ: Սփիւռքացումը համարկումի եւ անդրակերպումի գործընթաց է:
(Շարունակելի 3)
Գառնիկ Ա․ Քհնյ․ Գ․
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն