image

Պոլսոյ մէջ. Արա Կիւլէր եւ Արա Գօչունեան աւագ ուշադրութեան կեդրոնին

 Պոլսոյ մէջ.   Արա  Կիւլէր  եւ  Արա  Գօչունեան  աւագ ուշադրութեան կեդրոնին


 Արա Կիւլէրի անունը, ոչ միայն  Թուրքիոյ, այլ նաեւ   համաշխարահյին մակարդակով կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։ Այս ծիրէն ներս օրերս Պոլսոյ մէջ  տեղի ունեցած է  բացումը ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը,  որուն հիմնական   առանցքը  կը հանդիսանայ մեծն Արա Կիւլէրի արուեստի  աշխարհը։

 Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն  ստացաւ Պոլսոյ  մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն։

 

 Ստորեւ այդ թղթակցութիւնը՝

 

Արա Կիւլէրի թանգարանը ներկայիս կազմակերպած է իսկապէս յատկանշական ձեռնարկ մը։ Թանգարանը, որ «Պոմոնթիատա»ի համալիրէն ներս կը գործէ, ներկայիս գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ՝ աշխարհահռչակ անմոռանալի վարպետի արխիւէն գրողներու դիմանկարներ։ «Bir Avuç Güzel İnsan» անունով կազմակերպուած այս մեծ ցուցահանդէսը բառին բուն իմաստով կերպարներու տողանցք մըն է։

Այս ցուցահանդէսին բացումը երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններով։ Ձեռնարկը պատուեց նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։ Ներկայ էին «Տողուշ հոլտինկ»էն Հիւսնիւ Աքհան, Չաղլա Սարաչ եւ Էլչին Էօնտէր։ Ծանօթ է, որ Արա Կիւլէրի արխիւի եւ հետազօտութիւններու կեդրոնը կը գործէ այս հոլտինկի հովանաւորութեան ներքեւ։ Երէկուան ցուցահանդէսի կազմակերպչական աշխատանքները վերահսկած էր Ումութ Սիւլիւն, որ այս նոյն կեդրոնի տնօրէնն է։

Համաշխարհային համբաւի տիրացած բազմաթիւ գրողներու դիմանկարներուն առընթեր, այս ցուցահանդէսին մէջ այցելուներուն կը ներկայացուին Արա Կիւլէրի արխիւէն անոնց վերաբերեալ նմոյշներ՝ մասնաւորապէս թղթակցութիւններ։

Ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս ներկայացուած է նաեւ Արա Կիւլէրի կողմէ լուսանկարուած՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բարեյիշատակ ընդհանուր տնօրէն Արա Գօչունեանի դիմանկարը, որ մեծանուն վարպետի դասականացած գործերէն մին էր։ Բաց աստի, ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ Արա Կիւլէրի ոսպնեակով լուսանկարուած զանազան հայ գրողներու դիմանկարներ. օրինակ՝ Երուանդ Կոպէլեան, Յակոբ Մնձուրի, Ուիլիըմ Սարոյեան, Զահրատ, Անթան Էօզէր, Հայկանոյշ Մառք, Մկրտիչ Մարկոսեան, Զաւէն Պիպեռեան եւ այլք։ Շարք մը հայ կենդանի գրողներու դիմանկարներն ալ ընդգրկուած են այս ցուցահանդէսին մէջ. օրինակ՝ Գարին Գարաքաշլը եւ Ռոպէր Հատտէճեան։

Ցուցահանդէսը կարելի է այցելել բացի երկուշաբթիէ ամէն օր։ Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ ան բաց պիտի մնայ յառաջիկայ ամիսներուն։