Այլ խօսք, որ ինչ ձեւաչափով Կազզէի տագնապը պիտի հասնի հանգուցալուծման փուլի մը, սակայն, էական հարցումներէն մին հետեւեալն է. Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու պիտի մարսէ՞ իր հրամանով դաշտ իջած բանակին սարսափելի արարքները։ Հարցումը, անշուշտ, պատասխան պիտի ունենայ յառաջիկային, սակայն այստեղ տխուր եւ մտահոգիչ է տեսնել, որ այս տիպի գործողութիւնները եւ վարքը աւելիով կը հեռացնեն ցանկալի խաղաղութեան մը հասնելու իրական հնարաւորութիւնները։ Ամէն պարագայի ուժի լեզուով քալելու եւ առաջադրանքները կատարելու այս դրոյթները կարծէք հաւանութիւնը ունին քաղաքակիրթ աշխարհի իսկական տէրերուն, որոնք ամէն օր կը հեռանան քաղաքակրթութիւն հասկացութենէն՝ տեղ տալով ուժին ու շահին։
Կարեւոր եւ աննախադէպ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան Մերձաւոր Արեւելքի այն շրջաններուն մէջ, որոնք տագնապներու հիմնական օճախներ կը համարուին։ Արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի, սարսափելի սպանդներու դրուագները քանդակուած են բոլորի յիշողութեան մէջ եւ այս բոլորին մասին տակաւին երկար պիտի գրուի։ Իսրայէլ, որ ճամբայ ինկած է ահաբեկիչները մաքրագործելու նպատակով, հետզհետէ կը մեղադրուի ցեղասպանութիւն գործելով։ Ու այս մէկը տեղի կ՚ունենայ արար աշխարհի «բաց» աչքերուն առջեւ։
Այլ խօսք, որ ինչ ձեւաչափով Կազզէի տագնապը պիտի հասնի հանգուցալուծման փուլի մը, սակայն, էական հարցումներէն մին հետեւեալն է. Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու պիտի մարսէ՞ իր հրամանով դաշտ իջած բանակին սարսափելի արարքները։ Հարցումը, անշուշտ, պատասխան պիտի ունենայ յառաջիկային, սակայն այստեղ տխուր եւ մտահոգիչ է տեսնել, որ այս տիպի գործողութիւնները եւ վարքը աւելիով կը հեռացնեն ցանկալի խաղաղութեան մը հասնելու իրական հնարաւորութիւնները։ Ամէն պարագայի ուժի լեզուով քալելու եւ առաջադրանքները կատարելու այս դրոյթները կարծէք հաւանութիւնը ունին քաղաքակիրթ աշխարհի իսկական տէրերուն, որոնք ամէն օր կը հեռանան քաղաքակրթութիւն հասկացութենէն՝ տեղ տալով ուժին ու շահին։
Այս նոյն պատկերը, թերեւս նուազ մութ երանգներով, տեղի ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր այսօր հայեր գրեթէ չկան եւ սա եւս դարձեալ արար աշխարհի աչքերուն առջեւ։ Այս բոլորը դարձեալ կ՚ամրագրեն վերը նշուածը, թէ այսօրուան աշխարհին մէջ (թերեւս նաեւ հին աշխարհին մէջ) միակ տիրականը կը շարունակեն մնալ ուժն ու շահը։
Ի դէպ, այս բոլորին մասին կարեւոր դիտարկումներ կատարած է հալէպահայ վերլուծաբան Յակոբ Նալպանտ՝ վերջերս «Լրագիր» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Ստորեւ՝ քաղուածքներ իր խորհրդածութիւններէն։
*
-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուա՞ծ է Կազզէի պատերազմին միջամտելով՝ ինչպէս աւելի վաղ շահագրգռուած էր Իրաքի, Եգիպտոսի կամ Սուրիոյ հարցերով:
Նայած ինչպիսի միջամտութեան մը մասին է խօսքը։ ԱՄՆ արդէն ինչ-որ ձեւով միջամտած է, անոր բանակայինները խորհրդակցական կարգով գետնի վրայ կը համագործակցին Իսրայէլի բանակին հետ։ Ամերիկեան նաւատորմն ալ տարածաշրջանին մէջ է եւ սա ալ արդէն ձեւով մը միջամտութիւն է, որպէսզի բախումը տարածաշրջանային երանգ չստանայ։ Իսկ Իսրայէլ շատ լաւ գիտէ այդ բանը, կ՚ուզէ հարեւանները կռիւի ներքաշել՝ ինչպէս Սուրիոյ պարագային։ Իսրայէլ թէեւ գիտէ, որ այդ երկիրները պիտի չկարենայ կրակի ներքաշել, բայց ձեւով մը կը ջանայ ցաւ պատճառել անոնց։ ԱՄՆ-ի ուղղակի միջամտութիւնը բացառուած է։ Պարզ է, որ ան պիտի չմիջամտէ։ Արեւմտեան երկիրներու նաւատորմերը զսպող դեր ունին, որպէսզի տարածաշրջանային պատերազմ մը չծագի։
-Կազզէի դէպքերը ինչքանո՞վ կը յիշեցնեն Արցախի մէջ կատարուածը։ Ցեղային զտման այս կաղապարը ո՞ւր մշակուած կրնայ ըլլալ։ Արդեօք Մոսկուան եւ Ուաշինկթըն համամիտ եղա՞ծ են։
Լեռնային Ղարաբաղի պարագային չեն նկատուիր ռուս-ամերիկեան համագործակցութեան հետքեր։ Արեւմուտքի համար Արցախի մէջ հայութեան մնալը շատ աւելի ձեռնտու էր՝ քան դուրս գալը։ Երբ հայեր չկան, այդտեղ կարգավիճակի հարցն ալ իմաստ չ՚ունենար, բայց եթէ քիչ մը խոր մտածենք, ապա կը տեսնենք, որ եթէ Արցախի հայութիւնը պարպէ իր օրրանը, սա ձեւով մը Ռուսաստանի վրայ ճնշում բանեցնելու ձեւ կ՚ըլլայ, որպէսզի իր խաղաղապահ զօրքերը դուրս գան։
Չեմ գիտեր, արդեօք համագործակցութիւն կա՞յ կամ եղա՞ծ է Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ, որպէսզի հայերը դուրս գան Արցախէն: Ատրպէյճանէն արդէն ձայներ կը լսուին, թէ մինչեւ 2025 թուականը պիտի չսպասեն, ռուս խաղաղապահ զօրքերու մնալը իմաստ չունի, որովհետեւ այլեւս հայեր չկան։ Տեսնենք՝ ինչ կ՚ըլլայ…
Վերադառնալով Կազզէի հարցին, այս պարագային հիմնական նպատակն է «Համաս»ի տկարացումը կամ զայն արմատախիլ ընելը։ Եթէ «Համաս» արմատախիլ ըլլայ Կազզէէն, ապա արդէն շատ մեծ հնարաւորութիւն կրնայ ստեղծուիլ Միջին Արեւելքի մէջ Օսլոյի պայմանագիրը վերակենդանացնելու համար։
Բոլոր բաղդատութիւններով հանդերձ, ես խորապէս համոզուած եմ, թէ Արցախի հարցը փակուած չէ։ Սա հանգրուան մըն է, կը կարծեմ՝ հայերու վերադարձը չի բացառուիր։ Գործնականօրէն եղած է այսպիսի դէպք մը։ Յիշենք՝ տասը տարի սպասելէ յետոյ Քոսովայի բնակիչները վերադարձած էին։ Չի բացառուիր, որ Արցախի հայերը վերադառնան իրենց տուները եւ այդ ժամանակ կարգավիճակի հարցն ալ վերստին օրակարգի վրայ կու գայ։
-Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա համաձայնած կրնա՞ն ըլլալ այս պատերազմէն առաջ:
Ռուսաստանի Խրիմ ներխուժելը բացարձակ յարձակում մըն էր ինքնիշխան երկրի մը, ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամի մը դէմ։ Պատերազմի նախօրէին, երբ Ռուսաստան սկսաւ զօրք կուտակել Լուկանսքի, Տոնեցքի սահմանին վրայ, կար այնպիսի տպաւորութիւն, թէ ՆԱԹՕ-ի մէջ համակարծութիւն չկար այս հարցին հակադարձելու համար։ Ռուսաստան գուցէ խաղի եկաւ ու խանդավառուեցաւ, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ միասնութիւն չկայ այս հարցի շուրջ։ Այսպէսով ան ներխուժեց Ուքրայնա՝ յուսալով, որ ան երեք օրէն կը հեռացնէ Զելենսքիի կառավարութիւնը եւ իր նշանակածը թողելով կը հեռանայ։ Բայց, փաստօրէն, Ռուսաստան ինկաւ Ուքրայնայի ծուղակին մէջ։ Ուքրայնացիք մէկ բռունցք եղան եւ ուժերը հաւաքեցին ու մինչեւ հիմա, կը տեսնենք, որ Արեւմուտքը Ռուսաստանը հիւծելու քաղաքականութիւն կը վարէ։ Ես կը կարծեմ, թէ ԱՄՆ մինչեւ վերջ կ՚երթայ այս ուղղութեամբ եւ չեմ կարծեր, թէ համաձայնութիւն մը գոյանայ։
Ես ուրիշ բան մը կ՚ուզեմ յիշեցնել։ Երբ Խորհրդային Միութիւնը Աֆղանիստան ներխուժեց, ուր կանաչ գօտի կար, Պրժեզինսքիի ծրագիրը կար՝ կանաչ գօտի պիտի ստեղծէին, երբ Խորհրդային Միութիւնը դուրս եկաւ Աֆղանիստանէն, արդէն անմիջապէս փլուզուեցաւ։ Հիմա Ուքրայնայի մէջ ալ պատերազմը երկար պիտի տեւէ եւ երբ Ռուսաստան դուրս գայ, պիտի փլուզուի...։ Արդէն շրջանառութեան մէջ են որոշ քարտէսներ, ուր Արեւմուտքը Ռուսաստանի տարածքը ցոյց կու տայ՝ 13-14 անկախ երկրի բաժնուած։ Ուքրայնայի հարցը բարդ է ու երկար պիտի տեւէ։
-Կը նկատէ՞ք Կազզէի պարագային Իրանի եւ «Հիզպուլլահ»ի փաստացի չէզոքութեան դիւանագիտական խորհուրդը։ Ի՞նչ ազդեցութիւն կրնար ունենալ այսպիսի առեւտուր մը Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ:
Չմոռնանք, որ Ատրպէյճան Իսրայէլի հետ ունի շատ իւրայատուկ կապեր, որոնք հիմնականին մէջ սերտացած են Տանըլտ Թրամփի նախագահութեան օրերուն։ Խոր օրկանական կապ մը կար, Ատրպէյճանի քարիւղը աժան գինով դէպի Թուրքիոյ Ճէյհան նաւահանգիստը կ՚երթար, միւս կողմէն ալ զէնքեր կու գային։ Թրամփի ժամանակ՝ յատկապէս փեսան Քուշնէր մեծ ներդրում ունեցաւ այդ հարցերուն մէջ։ Անպայման կ՚ազդէ այդ բանը։ Յիշեցէք՝ պատերազմը Թրամփի ժամանակ եղաւ, նաեւ անոր նախընտրական շրջանն էր։ Կը կարծեմ՝ կրաւորականութիւնը այս հանգամանքին հետ կապուած էր։ Բաց աստի, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի հիմքերուն վրայ դրուած էր այդ կրաւորականութիւնը։ Այսինքն, չեմ կարծեր, թէ ԱՄՆ «քարտ պլանշ» մը տուած ըլլար այս հարցով։
-Հայաստանը՝ Մեղրիի գօտիով հանդերձ չի՞ զոհաբերուիր Թուրքիոյ եւ միջնորդուած Ռուսաստանին՝ Իսրայէլի Հայֆայի նաւահանգիստով Հնդկաստանը Չինաստանի ճնշումէն ազատելու իմաստով:
Իրան եթէ ձեռքը քաշէ «Համաս»ի վրայէն, ապա անպայման Արեւմուտքէն բան մը պիտի ստանայ։
-Ի՞նչ է մեռնող Ռուսաստանի եւ Հայաստանը «ծախած» ԱՄՆ-ի հանդէպ ճիշդ դիրքորոշումը:
Ես նորութիւն ըսած պիտի չըլլամ, բայց բոլոր ժողովուրդներն ու ազգերը պէտք է ունենան նախ իրենց ազգային քաղաքականութիւնը։ Ազգային շահը ամէն ինչէ բարձր պէտք է դասուի։ Եթէ ազգային քաղաքականութիւն ու շահ ունենաս, ապա արդէն քու դաշնակիցներդ բնականօրէն կը ձեւաւորուին։ Իսկ Հայաստանի տարածաշրջանային, աշխարհաքաղաքական դիրքը այնպէս մըն է, որ պէտք չէ յենուի միայն մէկ երկրի, մէկ դաշնակցի վրայ։ Ուղղութիւնը պէտք է բազմանայ։ 1991 թուականին, երբ Հայաստան անկախացաւ, նախագահ Տէր-Պետրոսեան փորձեց ստեղծել մէկէ աւելի ուղղութիւններով քաղաքական դաշտ մը։ 1998-ին, երբ միւս ուժերը իշխանութեան գլուխ եկան, տեսանք՝ ինչ ըրին, Հայաստանը մէկ ուղղութեամբ գնաց։ Միաբեւեռ քաղաքականութեամբ եւ ուրիշի շահը գերադասելով Հայաստանը կորսուեցաւ տնտեսապէս ու ամէն ինչով։ Հիմա պէտք է դաս քաղել պատմութենէն եւ բոլոր հաւկիթները պէտք չէ դնել նոյն կողովին մէջ։ Այլ խօսքով՝ հիմա կողովները բազմացնելու ժամանակն է։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս