image

Ղարաբաղի հայերու համար եւս 30 միլիոն եւրօ պիտի աւելցնենք ՀՀ կառավարութեան պիւտճէին մէջ. ՀՀ-ի մէջ ԵՄ դեսպան

Ղարաբաղի հայերու համար եւս 30 միլիոն եւրօ պիտի աւելցնենք ՀՀ կառավարութեան պիւտճէին մէջ. ՀՀ-ի մէջ ԵՄ դեսպան

Մենք եւրոպական խորհուրդէն ստացած ենք յստակ առաջադրանք, որ զարգացնենք ՀՀ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները տարբեր ուղղութիւններով, անկէ յետոյ ԵՄ եւ Հայաստան կ'աշխատին ու կը բացայայտեն նոր հնարաւորութիւններ:

«Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագիրով համաժողովի ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ ըսած է ՀՀ-ի մէջ ԵՄ-ի դեսպան Վասիլիս Մարակոս:

«Համատեղ ջանքերը կու տան արդիւնքներ, որովհետեւ կայ համատեղ քաղաքական յանձնառութիւն: ԵՄ աջակցած է ու պիտի շարունակէ աջակցիլ ՀՀ-ին շարք մը ուղղութիւններու մէջ՝ տնտեսութիւն, դատաիրաւական համակարգ, տարածաշրջանային կապեր, որու մէկ մասն է նաեւ խաղաղութիւնը»,- ըսած է ան:

Ան նշած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովի գործող նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէն ապրիլ հինգին ներկայացուցած է դիմակայունութեան եւ աճի ծրագիրը վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի հետ հանդիպման ընթացքին, ասիկա միայն 270 միլիոն դրամաշնորհային աջակցութիւն է Հայաստանին գալիք 4 տարուան ընթացքին:

«Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս 600 միլիոնէն աւելի ներդրումներ կատարուած են դրամաշնորհներով եւ վարկերով: Մենք նաեւ ձեւաւորած ենք ներդրումային հարթակ, մենք կ'աշխատինք նաեւ միջուկային եւ օդագնացութեան անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ:

Մենք նաեւ կը զբաղինք Ղարաբաղի հայերու ճակատագիրով: 100 միլիոն եւրոյէն աւելի միջոցներ ներդրած ենք մէկ տարուան ընթացքին եւ մեր պիւտճէտային աջակցութեան շրջանակներով 30 միլիոն ալ որոշուած է աւելցնել կառավարութեան պիւտճէին մէջ, որ կիսենք այն բեռը ձեզի հետ, որ դրուած է կառավարութեան ուսերուն»,- ըսած է ան: