image

Կարմիր Խաչի ճամբով եւս 6 հիւանդ տեղափոխուած է Երեւան

Կարմիր Խաչի ճամբով եւս 6 հիւանդ տեղափոխուած է Երեւան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն վեց հիւանդներ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ վեց հիւանդներ տեղափոխուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Արեւիկ» բուժմիաւորուման մէջ 10 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 9 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։

Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 34 հիւանդ։