image

Փոխգնդապետի աստիճան՝ Պէյրութի զինուորական հիւանդանոցի մուսալեռցի բժիշկին

Փոխգնդապետի աստիճան՝ Պէյրութի զինուորական հիւանդանոցի մուսալեռցի բժիշկին

«Մուսալեռ-Այնճար» էջէն կը կարդանք՝ 

Կը շնորհաւորենք մուսալեռցի բժիշկ Սարգիս Գաբրիէլ Չանկուլեանը, որ կը վարէ Պէյրութի զինուորական հիւանդանոցի մուտքի բաժանմունքի պատասխանատու բժիշկի պաշտօնը։

2026 թուականի Յուլիս 1-ին ան արժանացաւ Փոխգնդապետ (Lieutenant Colonel) զինուորական աստիճանին՝ առ ի գնահատանք իր նուիրեալ ծառայութեան, մասնագիտական կարողութիւններուն եւ պատասխանատու աշխատանքի համար։

Կը մաղթենք բժիշկ Սարգիս Գաբրիէլ Չանկուլեանին նորանոր ձեռքբերումներ իր ծառայութեան եւ մասնագիտական ասպարէզին մէջ։

 

Լուրը՝ «Մուսալեռ- Այնճար» էջէն