image

Փաքիստանի նախկին վարչապետին հիւանդանոցէն դարձաել բանտ տարած են

Փաքիստանի նախկին վարչապետին հիւանդանոցէն  դարձաել  բանտ տարած են

 

Փաքիստանի նախկին վարչապետ Իմրան Խան, հիւանդանոցին մէջ քանի մը ժամ անցընելէ ետք, վերադարձուած է բանտ, յայտնած է անոր կուսակցութեան ներկայացուցիչը։

73-ամեայ Խան Ուրբաթ վաղ առաւօտեան տեղափոխուած էր Իսլամապատի հիւանդանոց՝ բժշկական հետազօտութիւն անցընելու նպատակով։ Անոր «Արդարութեան համար Փաքիստանի շարժում» (Pakistan Tehreek-e-Insaf) կուսակցութեան ներկայացուցիչը հաստատած է, որ նախկին վարչապետը վերադարձուած է Ռաւալփինտիի կայազօրային քաղաքին մէջ գտնուող Ատիալա բանտը։

Խան կալանքի տակ կը գտնուի 2023 թուականի Օգոստոսէն։ Ան կը պնդէ, որ իր դէմ յարուցուած քրէական գործերը քաղաքական դրդապատճառներ ունին, սակայն կառավարութիւնը կը հերքէ այդ մեղադրանքները։

Խանի փաստաբաններու պնդմամբ՝ անոր առողջական վիճակը բանտին մէջ վատթարացած է, մասնաւորաբար՝ զգալիօրէն վատացած է աջ աչքի տեսողութիւնը։ Մինչդեռ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ մինչեւ այժմ կատարուած բժշկական հետազօտութիւններու արդիւնքով չէ յայտնաբերուած որեւէ հիւանդութիւն կամ վիճակ, որ կը պահանջէ անյապաղ կամ յատուկ բուժում։

Գերագոյն դատարանը Երեքշաբթի կայացուցած որոշումով իշխանութիւններուն պարտադրած էր 48 ժամուան ընթացքին Խանը տեղափոխել Իսլամապատի «Շիֆա» միջազգային հիւանդանոց եւ ապահովել անոր մասնակցութիւնը բժշկական յանձնաժողովի կողմէ իրականացուող հետազօտութեան։ Յանձնաժողովի կազմին մէջ պէտք էր ընդգրկուէր նաեւ անոր անձնական բժիշկը։