Կալանքը որպէս խափանման միջոց դատարան միջնորդութիւն ներկայացնելու նպատակով ձերբակալուած Ռոպերթ Քոչարեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած է, որու պատճառով շտապ բժշկական օգնութիւն հրաւիրուած է։
Արձանագրուած է զարկերակային բարձր ճնշում, եւ հետագայ հետազօտութեան նպատակով ան տեղափոխուած է համապատասխան բժշկական հաստատութիւն։
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հակափտածութեան կոմիտէէն։
Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Միկոյեան յայտնած է, որ Ռոպերթ Քոչարեան վերջերս բժշկական միջամտութեան ենթարկուած էր՝ աւելցնելով, որ ներկայիս բժիշկը, այդ հանգամանքը նկատի ունենալով, լրացուցիչ հետազօտութեան անհրաժեշտութիւն տեսած է։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Օգոստոս 25-ի առաւօտեան ձերբակալուած էր Հակակոռուպցիոն կոմիտէին մէջ քննուող կոռուպցիոն յանցագործութեան վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։