Ֆրանչիսկոս Պապը ծնած է 17 դեկտեմբեր 1936-ին՝ Պուենոս Այրեսի մէջ:741-էն ի վեր Ան առաջին Պապն է, որ եւրոպացի չէ, եւ առաջինն է, որ Ամերիկա աշխարհամասէն է:
Ֆրանչիսկոսը կը խօսի իտալերէն, սպաներէն եւ լատիներէն, ինչպէս նաեւ կը հասկանայ գերմաներէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն, անգլերէն եւ ուքրաներէն:
Երբ ան Պուենոս-Այրեսի արքեպիսկոպոսն էր, կ'ապրէր համեստ բնակարանի մէջ եւ կ'երթեւեկէր հանրակարգով: Երբ ան Պապ ընտրուեցաւ, Հռոմ ժամանեց խնայողական դասի օդանաւով:
Հռոմի Քահանայապետը ունի մէկ աշխատող թոք: Անոր աջ թոքի մէկ մասը հեռացուցած են երիտասարդ տարիքին՝ վարակիչ հիւանդութեան պատճառով: Բայց ան 79 տարեկանին ինքզինք շատ լաւ կը զգայ:
Պապը թանկոյի մեծ սիրահար է:
Բացի մարդասիրութենէն եւ համեստութենէն, Հռոմի Պապը ունի հիւմորի մեծ զգացում:
Մինչեւ հոգեւոր ծառայութեան անցնիլը, ան Պուենոս Այրեսի ակումբներէն մէկուն մէջ աշխատած է դռնապան:
1960-ական թուականներուն ան դասաւանդած է գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն եւ աստուածաբանութիւն՝ Արժանթինի քանի մը աւագ դպրոցներուն մէջ:
Հռոմի քահանայապետը սորված է փիլիսոփայութիւն՝ Պուենոս Այրեսի Կաթոլիկ Համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ ստացած է քիմիկոսի մագիստրոսի աստիճան՝ Պուենոս Այրեսի համալսարանէն:
Ֆրանչիսկոս Պապը երեք երկիրներու օրինական քաղաքացի է՝ Արժանթինի, Իտալիոյ եւ Վատիկանի:
Հռոմի Պապ ընտրուելէ ետք, Ֆրանչիսկոսը հրաժարած է ապրիլ պալատական կացավայրի մէջ եւ որոշած է բնակիլ Վատիկանի հիւրերու համեստ տան մէջ:
2013-ին ամերիկեան «Time» ամսագիրը անոր ճանչցած է տարուայ մարդ:
Ֆրանչիսկոսը կը սիրէ տարբեր ճաշատեսակներ պատրաստել: Որպէս Պապ, ան յաճախ կ'այցելէ Վատիկանի ճաշարանները եւ կը ճաշէ բանուորներու հետ:
2001-ին երբ ան Պուենոս Այրեսի Արքեպիսկոպոս էր, Արժանթինի հիւանդանոցներէն մէկուն լուաց եւ համբուրեց ԶԻԱՀ-ով վարակակիր 12 հիւանդներու ոտքերը:
Ֆրանչիսկոս Պապը խիստ պայքար մղած է Կաթոլիկ Եկեղեւոյ ներսը սեռական ոտնձգութիւններու եւ մանկապղծութեան դէմ:
12 տարեկան հասակին ան սիրահարուած է աղջկայ մը, որուն քանի մը անգամ ըսած է՝ եթէ հետդ չամուսնանամ, քահանայ պիտի դառնամ: Ան կատարած է իր խոտումը: