Օրերս, կարեւոր նուաճում մը արձանագրած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը. Դպրոցը հաւատարմագրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Middle States Association of Colleges and School Accreditation կազմակերպութեան կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝
Հոկտեմբեր 2022-ին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պատկան մարմինները ձեռնարկեցին իւրայատուկ աշխատանքի մը: Նկատի ունենալով կրթական մարզին մէջ տեղի ունեցող արագ յառաջխաղացները, քայլ պահելու` այդ նորարարութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ կրթական եւ այլ ոլորտներու բարելաւման նպատակով դիմեցինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Middle States Association of Colleges and School Accreditation կազմակերպութեան: Դեկտեմբեր 2022-ին այս կազմակերպութեան վարիչ-տնօրէնը այցելեց դպրոց, եւ նոյն ամսուան ընթացքին ընդունուեցաւ մեր թեկնածութիւնը:
Դպրոցին մէջ անմիջապէս կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն ղեկավարութեան համար Սարին Խաչիկեանը հրաւիրուեցաւ այս գործընթացին աշխատանքը կատարելու: Յանձնախումբը կը բաղկանար` դպրոցի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատուներէն, կրթական գործիչէն, հոգեբանէն եւ տնօրէնէն:
Մարտ 2023-էն մինչեւ 8 ապրիլ 2024 տեղի ունեցան շաբաթական հերթական ժողովներ: Դպրոցի տարբեր գործունէութիւնները նկատի առնուեցան, արժեւորուեցան, եւ ըստ այնմ, նոր գործընթացներ եւ աշխատելաձեւեր որդեգրուցան: Այս գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ տոքթոր Թալին Մըսրլեանը:
Պատրաստուեցան աւելի քան 800 թղթածրարներ, որոնք պիտի ծառայէին եւ օգտագործուէին դպրոցին մէջ` որպէս ուղեցոյցներ:
Իբրեւ հեռանկար եւ նպատակակէտ` նկատի առնուեցան եւ որոշուեցան երեք գլխաւոր նպատակակէտեր, որոնց բարելաւման եւ կատարելագործման համար յատուկ աշխատանք պիտի տարուի յառաջիկայ եօթը տարիներու ընթացքին: Յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած նպատակակէտերն են` անգլերէն լեզուն եւ ուսողութեան նիւթը, որոնց մշակման եւ զարգացման աշխատանքը պիտի կատարէ, ինչպէս նաեւ դպրոցի գրադարանի վերանորոգման եւ արդիականացման գործընթացը պիտի ստանձնէ: Այս բոլորը ընդունուեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող յանձնաժողովին կողմէ:
2024-ի ապրիլ ամսուան աւարտին ունեցանք կրթական քննիչներու այցելու խումբ մը, որուն անդամները ժամանած էին արաբական երկիրներէ: Երեք օրուան ընթացքին անոնք այցելեցին զանազան դասարաններ, տեսակցութիւններ ունեցան աշակերտներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ հոգաբարձութեան անդամներու հետ: Սերտեցին գրաւոր թղթածրարները, ապա իրենց այցելութեան աւարտին ներկայացուցին վերջնական տեղեկագիրը, որուն մէջ կը յիշուէր ամբողջական յանձնարարութիւնը հաւատարմագրութեան (Full recommendation for accreditation): Նոյեմբեր 22-ին ստացանք պաշտօնական նամակ մը, ուր կը յայտարարուէր, որ մեր վարժարանը պաշտօնապէս ճանչցուած եւ ընդունուած էր (accredited) վերոնշեալ կազմակերպութեան կողմէ:
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը կը հանդիսանայ Լիբանանի հայկական առաջին վարժարանը, որ միջազգային կազմակերպութեան կողմէ ճանաչում կը ստանայ:
Վարձքը կատա՛ր աշխատող բոլոր ձեռքերուն, որոնց աննկուն կամքին եւ տոկունութեան շնորհիւ` կարողացանք դիմագրաւել Լիբանանի բազմաթիւ դժուարութիւնները:
Շնորհաւորութիւններ` առնչակից բոլոր կողմերուն: