image
Հրատապ լուրեր:

Պլինքըն եւ Ֆիտան կարեւորած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը

Պլինքըն եւ Ֆիտան կարեւորած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը։

Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան  կայքին մէջ:

Հանդիպումը կայացած է Ռիօ տե Ժաներոյի մէջ՝ G20-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս:

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նաեւ Լիբանանի հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, որ լիովին կը կատարէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւը եւ թոյլ կու տայ սահմանի երկու կողմի քաղաքացիներուն վերադառնալ իրենց տուները:

Անոնք նաեւ քննարկած են իրավիճակը Կազայի մէջ: