image

ԱՄՆ-ն շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցած է Իրանի հետ․ Թրամփ

ԱՄՆ-ն շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցած է Իրանի հետ․ Թրամփ

Միացեալ Նահանգները «շատ լաւ բանակցութիւններ» ունեցած է Իրանի հետ․ յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու հանդիպումէն ետք:

«Իրանը, կարծես, շատ կ՚ուզում գործարք կնքել: Պէտք է տեսնենք, թէ ինչ գործարք է այդ», – ըսած է նախագահը Air Force One ինքնաթիռի վրայ։

ԱՄՆ-ի ու Իրանի պատուիրակութիւնները փետրուար 6-ին հանդիպած են Օմանի մէջ։ Ասոնք առաջին բանակցութիւններն էին երկու կողմերու միջեւ՝ 2025-ի ամռան ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ յարձակումներէն ետք։

Արաքչին իր օմանցի գործընկերոջ ներկայացուցած է «նախնական ծրագիր»՝ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ «ընթացիկ իրավիճակը կարգաւորելու» համար․ հաղորդած են իրանական լրատուամիջոցները։

Այնուհետեւ Օմանի պաշտօնեան ծրագրը փոխանցած է Ուիթքոֆի գլխաւորած ամերիկեան պատուիրակութեան, ամերիկեան պատասխանն ալ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի յանձնուի իրանական կողմին։

CNN-ը գրած է, որ բանակցութիւններու շրջանակը անհասկնալի էր։ Հանդիպումներէն առաջ իրանական պաշտօնեաները պնդած էին, որ կ՚ուզեն քննարկել միայն միջուկային ծրագրին առնչուող հարցեր։ ԱՄՆ-ն պահանջած է աւելի լայն քննարկումներ, որոնք կը ներառեն պալիսթիք հրթիռները, Թեհրանի զինուած փրոքսիները, որոնք դեռ վտանգ կը ներկայացնեն տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի շահերու համար, եւ Իրանի վերջին դաժան ճնշումները՝ բողոքի ցոյցերու դէմ։

Երկու կողմերն ալ համաձայնած են կայացնել հետագայ քննարկումներ։