image

Ջէպրայիլ եւ Հատրութ. Յայտնաբերուած է 19 զինուորի դի

Ջէպրայիլ եւ Հատրութ. Յայտնաբերուած է   19 զինուորի  դի

Որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով 3 յունուարին, Ջէպրյայտնաբերուած է 19 զինուորի եւ 1 քաղաքացիական անձի մարմին։ Այս մասին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեան։

 

Թադեւոսեան ըսաւ, որ քաղաքացիական անձը տարեց տղամարդ է. «Յայտնաբերուել է Հատրութի շրջանի Կարմրակուճ գիւղի տարածքից։ Պէտք է իրականացուի դատաբժշկական փորձաքննութիւն, որպէսզի իմանանք, թէ այդ անձն արդեօք բեկորային մահացու վիրաւորո՞ւմ է ստացել, թէ՞ թուրքերն են սպանել։ Դին յայտնաբերուել է դաշտավայրային հատուածում»։

 

Թադեւոսեան նշեց, որ զինծառայողները յայտնաբերուած են Ջէպրայիլի դիրքային հատուածի եւ Կարմրակուճ-Հատրութ հատուածին մէջ։ Առ այսօր յայտնաբերուած է 1175 մարմին։

 

Ան յայտնեց, որ այսօր որոնողական աշխատանքները սկսած են. ուղղութիւններն են՝ Հատրութ, Մեխակաւան (Ջէպրայիլ) եւ Կարմրակուճ։

 

Լուրը՝ NEWS.am-էն