Լիբանանի Ալ-Քաա գիւղին մէջ՝ Սուրիոյ հետ սահմանին, որպէս խաղաղութեան ուղերձ տեղադրուած է Յիսուս Քրիստոսի 26 մեթր բարձրութեամբ արձանը։ Այս մասին յայտնած է նախագիծի հեղինակ Ֆատի Էլիաս Աուատը։
«Արձանը տեղադրելու գաղափարը վաղուց եղած է, սակայն ներկայիս պայմաններուն ան դարձած է աւելի խորհրդանշական եւ նշանակալից։ Քրիստոսի արձանը մեր խաղաղութեան ուղերձն է եւ նշան այն բանի, որ քրիստոնեաները կը մնան իրենց հողին վրայ»,- ըսած է Աուատ։
Նախագիծի հեղինակն ըսած է, որ իր հարազատ բնակավայրին մէջ տեղադրուած արձանը բաղկացած է 10 մեթր բարձրութեամբ պատուանդանէ եւ բուն արձանէ, որ ունի 16 մեթր բարձրութիւն։