Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժման հուսիները յայտարարած են, որ Թաիզ նահանգին մէջ խոցած են սէուտական ուժերուն պատկանող զինուած հետախուզական անօդաչու թռչող սարք։ Մասնաւորապէս, խօսքը թրքական արտադրութեան «Bayraktar Akinci» տիպի ԱԹՍ-ի մասին է։ Այս մասին կը հաղորդէ հուսիներուն պատկանող «Al Masirah» հեռուստակայանը։
Հուսիներու խօսնակ Եահիա Սարի յայտնած է, որ հուսիները պալիսթիք հրթիռներով հարուածներ հասցուցած են Պապ ալ-Մանտեպի նեղուցի մերձակայքը տեղակայուած՝ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող ուժերու հաւաքատեղիներուն։
Հուսիներու առողջապահական աղբիւրները յայտնած են, որ Զամար նահանգի Հարան շրջանին մէջ գտնուող վառելանիւթի կայանին վրայ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքին կողմէ իրականացուած օդային հարուածին հետեւանքով զոհուած է մէկ քաղաքացիական անձ, երեք ուրիշներ վիրաւորուած են։
Հուսիներու խօսնակը նաեւ հաստատած է Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի «Թագաւոր Խալիտ» միջազգային օդակայանին դէմ իրականացուած ռազմական գործողութիւնը, որուն հետեւանքով օդակայանին գործունէութիւնը խափանուած է։
Ան նշած է, որ Սէուտական Արաբիոյ օդային տարածքը դարձած է Եմէնի ռազմական գործողութիւններու բաց թատերաբեմ՝ բացառութեամբ Մեքքա եւ Մետինա սրբազան քաղաքներու օդային տարածքներուն։