Իսրայէլի զինուած յարձակումն Իրանի վրայ նպատակ ունեցած է խափանելու Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ձեռք բերուելիք հնարաւոր համաձայնութիւնը։ Այս մասին յունիս 27-ին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին։
Ըստ դեսպանի՝ յարձակման պահուն Իրանը բանակցային փուլի մէջ եղած է Միացեալ Նահանգներու հետ, եւ Իսրայէլը, գործելով առանց իրական սպառնալիքի առկայութեան, իրականացուցած է այդ քայլը՝ բանակցութիւնները տապալելու նպատակով։
«Անոնց պատճառաբանութիւնն այն էր, որ կանխարգելիչ յարձակում իրականացուցած են Իրանի կողմէ սպառնալիքները կանխելու համար, որ անօրինական ու անտրամաբանական պատճառաբանութիւն էր»,– ըսած է դեսպանը։
Մեհտի Սոպհանին նաև մեղադրած է Իսրայելի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն՝ Իրանի միջուկային ծրագրի թեմայով տասնամեակներ շարունակ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու մէջ։
Ի հակադրութիւն ատոր՝ դեսպանը վերահաստատած է Թեհրանի պաշտօնական դիրքորոշումը. «Մենք բազմաթիւ անգամներ յայտարարած ենք, որ երբեւէ չենք ձգտած միջուկային զէնք ունենալ։ Մեր միջուկային ծրագիրը կ՚իրականացուի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերահսկողութեան ներքոյ, եւ որեւիցէ հաստատում չկայ այն մասին, որ Իրանը շեղած է միջուկային ծրագրի խաղաղ գործողութիւններէն»։
Դիւանագէտը նաեւ յայտարարած է, որ, իրենց տեղեկութիւններով, ԱՄՆ-ն ի սկզբանէ տեղեակ եղած է Իրանի վրայ յարձակելու Իսրայէլի մտադրութեան մասին եւ թոյլ տուած է, որ այդ տեղի ունենայ։