image

Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածներ հասցընել Կազային

Իսրայէլ  կը շարունակէ հարուածներ հասցընել Կազային

Ուրբաթ, իսրայէլական բանակը վերսկսեր է հարուածները Կազայի վրայ, թիրախաւորելով «Իսլամական Ժիհատ» արմատական խմբաւորումը, երբ պաղեստինեան տարածքէն հրէական պետութեան տարածքի վրայ հրթիռային յարձակումներ արձակուած են: 

Ուրբաթ օրը, աւելի կանուխ ժամերուն, հրէական բանակի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած էր, որ օդային տագնապի ազդանշաններ հնչած են Կազայի մօտակայքը եւ Արեւմտեան ափի հարաւային հատուածներուն վրայ։ «Գան» ռատիոկայանի տուեալներով՝ արմատականները Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակած են ինը հրթիռ, որոնցմէ չորսը որսացած է ՀՕՊ-ը։