Եւրոպական Միութիւնը պիտի չչեղարկէ Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներէն ոչ մէկը՝ մինչեւ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան լիակատար աւարտը, եւ պիտի չվերսկսի ռուսական կազի գնումները։ Այս մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն՝ Սթրասպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի նիստի ընթացքին, որ առցանց հեռարձակած է Եւրոպական խորհրդարանի մամուլի ծառայութիւնը։
«Եւրոպական Միութիւնը պիտի չչեղարկէ Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները՝ մինչեւ հակամարտութեան աւարտը», պնդած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կը բացառէ ռուսական կազի գնումներուն վերադառնալը, քանի որ կը գտնէ, թէ Ռուսիա կրնայ որեւէ պահու կազը գործածել որպէս զէնք։
2022 թուականի Մարտին Եւրոպական յանձնաժողովը կը պատրաստուէր միջոցներ ձեռնարկելու՝ ռուսական կազի դիմաց վճարումները արգելափակելու ուղղութեամբ, որպէս Ռուսիոյ դէմ սահմանուելիք պատժամիջոցներէն մէկը։ Ի պատասխան՝ Մոսկուա յայտարարած է, որ ոչ բարեկամական երկիրներու հետ խողովակաշարերով մատակարարուող կազի առեւտուրին մէջ պիտի անցնի ռուբլիով վճարումներու, ինչ որ բոլոր հաշուարկները կը տեղափոխէր ռուսական իրաւասութեան դաշտ եւ ԵՄ-ն կը զրկէր վճարումները արգելափակելու կարելիութենէն։
Ի պատասխան՝ Եւրոպական յանձնաժողովը պնդած է, որ ԵՄ երկիրները իրենք իրենց արգելքը սահմանեն ռուբլիով կազի առեւտուրին դէմ, որմէ ետք Ռուսիան մեղադրած է մատակարարումները դադրեցնելու եւ կազը որպէս զէնք գործածելու մէջ։
Հետագայ տարիներուն ԵՄ երկիրները համաշխարհային շուկային մէջ կտրուկ աւելցուցած են ռուսական հեղուկացուած բնական կազի գնումները։ Ի պատասխան՝ Եւրոպական յանձնաժողովը որոշած է 2027 թուականէն սկսեալ լիակատար եւ անժամկէտ արգելք սահմանել ռուսական բոլոր տեսակի կազի գնումներուն վրայ։
Աւելի վաղ ֆոն տեր Լայէն յայտնած էր, որ տարուան սկիզբէն ի վեր, եւրոպական ուժանիւթի տագնապին պայմաններուն մէջ, Եւրոպայի մէջ կազի գիները 140%-ով բարձրացած են։