image

Իսրայէլ կրնայ անվտանգութեան տագնապ ապրիլ. Հրեայ ռազմագէտ

Իսրայէլ կրնայ անվտանգութեան տագնապ ապրիլ. Հրեայ ռազմագէտ

Իսրայէլի «հակաօդային պաշտպանութեան» համակարգի հրամանատար Ժելատ Պիրան կը վստահեցնէ, որ «Երկաթէ գմբէթը» վերջնական լուծում պիտի չդառնայ Կազայէն կամ Լիբանանէն արձակուած հրթիռներուն համար, եւ կը նշէ, որ Լիբանանի հետ նոր պատերազմի պարագային Իսրայէլի ներքին ճակատը պիտի վնասուի:

Ան յաւելեց, որ «այդ մասնակի հակադարձութիւնն է (լուծումը), որ ներկայիս իսրայէլեան բանակը կու տայ: Պաշտպանութիւնը հակադարձութեան մէկ մասն է, ինչպէս՝ յարձակումը: Չկայ որեւէ լուծում, որ կ'ապահովէ վնասուածք չստանալ ռմբակոծութիւններէն: Մենք այդտեղ չենք, եւ իմ գնահատմամբ` չենք ըլլար»:

Լիբանանէն արձակուած ռմբակոծութեան ուժգնութեան եւ ճշգրտութեան եւ այս սպառնալիքներուն դէմ Իսրայէլի հակաօդային պաշտպանութեան պատրաստուածութեան աստիճանին ակնարկելով Պիրան ըսաւ, որ «հիւսիսի մէջ կան բազմաթիպ սենարներ», աւելցնելով, որ հիւսիսի մէջ մարտերը կը տարբերին Կազայի հատուածէն: Ան շարունակեց՝ ըսելով, որ «եթէ ակնկալիքներ կան, որ մարտերը նման կ'ըլլան Կազայի դէմ տեղի ունեցածին, ապա այդ սպասումը անիրական է: Կան այլ, աւելի մահացու մեթոտներ: Հետեւաբար, կատարումը պէտք է տարբեր ըլլայ: Հիւսիսային ՀՕՊ համակարգը յաջողած է խափանել բազմաթիւ թիրախներ: Հետեւաբար, արդիւնքը կարեւոր պիտի ըլլայ», շեշտեց ան:

Պիրան յստակացուց, որ իսրայէլցի բնակիչները պատրաստ չեն կորուստներ կրելու ռմբակոծութեան հետեւանքով, քանի որ անոնք «կը կարծեն, թէ կրնան երթալ ապաստան ու վերադառնալ, բայց անոնք այլ բան պիտի ստանան: Այս էր շաբաթներ առաջ Նասրալլայի ելոյթին ճշգրիտ բովանդակութիւնը, երբ ան կը խօսէր իսրայէլեան լրատուամիջոցներէն օգտուելու մասին ՝ կորուստներու վերաբերեալ իսրայէլեան իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու համար», ըսաւ ան:

Հրամանատարը, դիմելով իսրայէլեան հասարակութեան՝ ըսաւ, որ «եթէ հիւսիսային հատուածին մէջ մարտեր ընթանան, ապա նաեւ ներքին ճակատը վնասներ պիտի կրէ: Առաջնային եւ կարեւոր հակադարձութիւնը խիստ կարգապահ ըլլալն է եւ Ներքին ճակատի հրամանատարութեան ցուցմունքներուն հետեւիլը»:

Պիրան եզրափակեց՝ ըեսլով, որ «սպառնալիքներուն մէկ մասը կը լուծուի հակաօդային պաշտպանութեան միջոցով, այնուամենայնիւ, կ'ըլլան սպառնալիքներ, որոնք կը թափանցեն եւ հարուածներ կը հասցնեն»: